Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարայի Պնդմամբ՝ «Փարիզը Կատարեալ Կախուածութեան Մէջ Յայտնուած է Հայկական Շրջանակներէն»

Անգարայի Պնդմամբ՝ «Փարիզը Կատարեալ Կախուածութեան Մէջ Յայտնուած է Հայկական Շրջանակներէն»

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարարութիւնը կը պնդէ, թէ պաշտօնական Փարիզը «կատարեալ կախուածութեան մէջ յայտնուած է հայկական շրջանակներէն»։

Թրքական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը այսպէս մեկնաբանած է Ֆրանսայի տարածքէն ներս թրքական ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան կասեցման վերաբերեալ երէկ՝ Նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան կայացուած որոշման։

«Ֆրանսայի կառավարութեան այս որոշման կը հետեւի Անգարայի կոշտ պատասխանը», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Պաշտօնական Անգարան նաեւ կը պնդէ, թէ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, իսկ ֆրանսական կառավարութեան որոշումը իր բնոյթով «երեւակայական է, երեսպաշտական եւ սադրիչ»։

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը այսօր հրապարակած է երկրի տարածքէն ներս թուրք ազգայնականները միաւորող «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութեան կասեցման պաշտօնական հիմնաւորումը։

«Գորշ գայլեր»ու գործունէութիւնը Ֆրանսայի տարածքէն ներս արգիլելու մասին որոշումը երկրի կառավարութիւնը ընդունեց նախօրէին կայացած նիստի ժամանակ։

Ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած հիմնաւորման մէջ «Գորշ գայլեր»-ը որակուած է, որպէս «Ֆրանսայի տարածքէն ներս փաստացի գործող, սակայն չգրանցուած կազմակերպութիւն»։ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան պնդմամբ՝ կազմակերպութեան անդամները շարք մը լուրջ իրաւախախտումներու մէջ կասկածեալ են, որոնց կարգին են նաեւ բռնարարքները Ֆրանսայի տարածքէն ներս բնակող հայերու եւ քրտերու դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment