Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Կողմը Բնակչութեան Ուղղութեամբ Նոր Արգելուած Զինատեսակ Կիրառած է

Ատրպէյճանական Կողմը Բնակչութեան Ուղղութեամբ Նոր Արգելուած Զինատեսակ Կիրառած է

by MassisPost

Գիշերուայ ընթացքին Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) զօրքերը պաշտպանողական մարտեր վարած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով։ Արցախի ռազմական գերատեսչութենէն կը հաղորդեն, որ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները դիպուկ կրակով նշուած հատուածներուն մէջ խոցած են յայտնաբերուած ավտոմոբիլային տեխնիկա ինքնաշարժներ, կենդանի ուժ, ինչպէս նաեւ 1 հրասայլ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` արեւելեան ուղղութեամբ ճակատային գծի փոքր հատուածին մէջ, մարտավարական նկատառումներէն ելլելով, Պաշտպանութեան բանակի ուժերը ետ քաշուած են՝ գրաւելով հետագայ մարտական գործողութիւններու համար առաւել նպաստաւոր բնագիծեր:

«Առաւօտեան հարաւային ուղղութեամբ առաջխաղացման փորձ ձեռնարկող թշնամական զրահամեքենայի եւ կենդանի ուժին ՊԲ-ն հասցրել է դիպուկ կրակային խոցում՝ պատճառելով կորուստներ եւ ստիպելով յետ շպրտուել ելման դիրքեր: Բանակային ստորաբաժանումները լռեցրել են նաեւ հիւսիսային ուղղութեամբ թշնամական ուժերի նախայարձակ աշխուժութիւնը: Այս պահին մարտավարական առաւելութիւնը իր կողմը թեքելու թշնամական ուժերի փորձերը շարունակուում են: ՊԲ-ն վերահսկում է օփերաթիւ-մարտավարական իրադրութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Իսկ Արցախի բնակավայրերուն մէջ գիշերը ընդհանուր առմամբ պահպանուած է յարաբերական հանգիստը։ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ լուսադէմին ատրպէյճանական կողմը վերսկսած է գործողութիւնները եւ «Սմերչ» կայանքէն կրակ բացած Մարտունի եւ Շուշի քաղաքներու ուղղութեամբ։ Տուժածներ չկան։ Միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է։ Ատրպէյճանական կողմն ալ հայկական կողմը կը մեղադրէ ճակատային ուղղութիւնները տեղակայուած բնակավայրերը թիրախաւորելու համար։

Ի դէպ, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու գերատեսչութենէն այսօր՝ Նոյեմբեր 3-ին հաղորդեցին, որ ատրպէյճանական կողմը խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ նոր զինատեսակ կիրառած է, որ արգիլուած է միջազգային համաձայնագրերով։

«Այսօր պարզ դարձաւ, որ կայ զինատեսակ, յայտնաբերել են սակրավորները ականարկուները, զինատեսակ, որը յայտնի չէ, եւ նախկինում չենք էլ տեսել, մօտ 40 սանտիմեթր երկարութիւն ունի, եւ բնականաբար ուսումնասիրութիւնների արդիւնքում պարզուել է, որ այո, այն զանգուածային ոչնչացման եւ հրդեհելու համար է որեւէ վայր` դա կարող է լինել անտառ, դա կարող է լինել, ինչ-որ թաղամաս», – փոխանցեց Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան սպայ՝ Յունան Թադեւոսեան:

Թէ ինչ հետեւանքներ ունեցած է այդ զինատեսակի կիրառութիւնը Արցախի մէջ, դեռ ճշդուած տեղեկութիւն չկայ, կայ միայն ենթադրութիւն, որ շարունակուող անտառային հրդեհները կարող են նաեւ այդ զէնքի գործադրման պատճառով եղած ըլլան։

Արցախի պաշտպանութեան բանակն ալ օրերս յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական կողմը քիմիական զէնքի տարրեր պարունակող ֆոսֆորային զինատեսակ կ’օգտագործէ, որու կիրառումը եւս արգիլուած է միջազգային համաձայնագիրներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment