Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան կը Վստահեցնէ՝ Երեւանի Հետ 1997-ի Համաձայնագրով Նախատեսուած Անհրաժեշտ Բոլոր Գործողութիւնները Կը Կատարուին

Մոսկուան կը Վստահեցնէ՝ Երեւանի Հետ 1997-ի Համաձայնագրով Նախատեսուած Անհրաժեշտ Բոլոր Գործողութիւնները Կը Կատարուին

by MassisPost

Ռուսաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն, այսօր՝ Նոյեմբեր 2-ին պատասխանելով հարցին՝ կը նախատեսուի՞ն արդեօք ռուս-հայկական խորհրդակցութիւններ Հայաստանին օգնութեան վերաբերեալ, ըսած է, թէ 1997 թուականի համաձայնագրով նախատեսուած անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւնները կը կատարուին։

Շաբաթ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որու համաձայն, «հաշուի առնելով մարտական գործողութիւնների` Հայաստանի սահմանին մօտենալը, ՀՀ տարածքի նկատմամբ արդէն իսկ տեղի ունեցած ոտնձգութիւնների փաստերը, Հայաստանի վարչապետը դիմել է Ռուսաստանի նախագահին՝ սկսելու անյապաղ խորհրդակցութիւններ, դրանց միջոցով սահմանելու աջակցութեան տեսակները եւ չափը, որը Ռուսաստանը կարող է յատկացնել Հայաստանին իր անվտանգութեան ապահովման համար՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ 1997 թուականի Օգոստոս 29-ի «Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը»։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս հաղորդագրութեան նոյն օրը քանի մը ժամէն պատասխանած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Ռուսաստանը կը կատարէ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները եւ անհրաժեշտ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին, եթէ ռազմական գործողութիւնները տեղափոխուին անմիջապէս Հայաստանի տարածք։

Ռուսաստանի փոխ արտաքին գործոց նախար՝ Ռուտենքոն այսօր նաեւ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի սքանտինաւեան խաղաղապահներու տեղակայման մասին ԱՄՆ-ի առաջարկած գաղափարը պէտք է համաձայնուի հակամարտութեան կողմերու հետ։ «Այդ պէտք է ամերիկացիներուն հարցնել, թէ ուրկէ վերցուած են այդ առաջարկներն ու գաղափարները։ Հնարաւոր մեքենականութիւններու բոլոր անհրաժեշտ յարաչափերը պէտք է համաձայնուին հակամարտութեան կողմերու հետ խորհրդակցութիւններով», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։

Ռուսաստանցի փորձագէտները յաճախ կ’անդրադառնան Փաշինեան-Փութին յարաբերութիւններուն, նշելով, որ Մոսկուան չի վստահիր յեղափոխութեան հետեւանքով իշխանութեան եկած Հայաստանի վարչապետին, ասոր հետ մէկտեղ, սակայն, գրեթէ բոլորը կը շեշտեն՝ այսօր արդէն խօսքը ոչ թէ Փաշինեանին, այլ հայ ժողովուրդին աջակցելու մասին է։

Փորձագէտ Անտրէյ Քորթունով, օրինակ, կը  գրէ. – «Սակայն Մոսկուան չի կրնար թոյլ տալ, որ անտարբերութենէն վիրաւորուած Հայաստանը դուրս գայ Ռուսաստանի ազդեցութեան տակէն. նման սենարը վատ օրինակ կը լինէր յետխորհրդային տարածքի այլ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններու համար եւ խիստ տհաճ հետեւանքներ կ’ունենար Ռուսաստանի ռազմավարական շահերու համար ողջ Եւրասիոյ մէջ: Այդ պատճառով հրաժարելով պատերազմիլ Հայաստանի համար՝ Ռուսաստանը պէտք է դիտարկէ Երեւանին օգնելու տարբերակները, ներառեալ՝ սպառազինութիւններու մատակարարումները, որոնք կարող էին անոր դաշնակցին զերծ պահել պարտութենէ»:

Ռուսաստանցի լիպերալները, Փութինին քննադատող փորձագէտները այս օրերուն կը խօսին այն մասին , որ ՀԱՊԿ-ն, զոր Մոսկուան կը ստեղծէր ՆԱԹՕ-էն ետ չմնալու համար, ղարաբաղեան քննութիւնը տապալեց, իսկ Մոսկուան ալ, հրաժարելով օգնել Հայաստանին Ղարաբաղի մէջ, լրջօրէն վնասած է իր հեղինակութիւնը։

Հրապարակախօս՝ Ալեքսէյ Մելնիքով  կը գրէ՝ Հայաստանի համար Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան գործնական իմաստը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ խաղաղութեան ապահովումն էր։ Այժմ, երբ Ռուսաստանը հրաժարած է Հայաստանին ցուցաբերել ռազմական օգնութիւն, այդ գործնական իմաստը գոլորշիացաւ: Կը կորսնցնէ Հայաստանը վերահսկողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ, կամ միայնակ կը յաջողի կանգնեցնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յաջող յարձակումը, Երեւանի համար այլեւս գլխաւոր խնդիրը կը դառնայ անվտանգութեան նոր երաշխաւորի որոնումը՝ Ռուսաստանի փոխարէն. այդ կրնայ ըլլալ միայն Միացեալ Նահանգները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment