Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հիւսիսարեւմտեան Ուղղութեամբ Հայկական Ուժերը Ծանր Հարուած Տուած են Թշնամիին

Հիւսիսարեւմտեան Ուղղութեամբ Հայկական Ուժերը Ծանր Հարուած Տուած են Թշնամիին

by MassisPost

Նոյեմբեր 1-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն,  թէժ մարտեր ընթացած են ատրպէյճանաարցախեան ճակատային գիծի հիւսիսարեւմտեան հատուածին մէջ:

Մասնաւորապէս Պաշտպանութեան Բանակի երկու հանգուցային դիրքի ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը վաշտի կազմով ձեռնարկած է յարձակում, որ միջդիրքային յամառ մարտերու հետեւանքով բանակային ստորաբաժանումներու կողմէն կասեցուած է: Թշնամին մեծ կորուստներով դիմած է փախուստի: Փախչող հակառակորդը արգելափակուած է ձորերէն մէկուն մէջ, եւ հայկական ուժերը ականանետային դիպուկ կրակով շարունակած են վերջինիս լիակատար ոչնչացման գործողութիւնը:

Նոյն ուղղութեամբ հակառակորդը եւս մէկ յարձակում ձեռնարկած է դասակի կազմով, որ նոյնպէս ՊԲ-ի կողմէ ժամանակին հաւաստանշուած ու ձեռնարկուած գրագէտ գործողութիւններու շնորհիւ կասեցուած է: Մեր ստորաբաժանումները հետապնդած են փախչող թշնամին եւ ոչնչացուցած զայն:

Ներկայ պահուն ճակատային գիծի տուեալ հատուածին օփերաթիւ մարտավարական իրադրութիւնը լրիւութեամբ կը գտնուի ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ:

Գիշերուայ ընթացքին արցախաատրպէյճանական ճակատային գիծին վրայ տարբեր ուժգնութեամբ ընթացած են մարտական գործողութիւններ: Որոշ ուղղութիւններով ծաւալուող թշնամական շարասիւնները յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած են ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ: Հակառակորդը շարունակած է նաեւ հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն:

Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է առաջնագիծին մօտեցնել զրահամեքենայ: ՊԲ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած գործողութիւններու հետեւանքով խոցուած է թշնամական 1 հրասայլ, իսկ մնացածները ետ քաշուած են:

Ներկայ պահուն օփերաթիւ-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ վերահսկողութեան ներքոյ:

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի նկատմամբ կրկին կիրառած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ ողջ զինանոցը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու՝ Սուրէն Սարումեան:

«Գրոհներ ձեռնարկելով պաշտպանութեան բանակի դիրքերի որոշ հատուածներում՝ հակառակորդը կատարել է նաեւ առաջխաղացման փորձեր: Առաջխաղացման բոլոր փորձերը ձախողուել են. հետախուզութեան միջոցներով յայտնաբերուել են այդ շարասիւնները եւ խոցուել՝ այդպիսով հակառակորդի առաջխաղացման փորձը կասեցուել է: Դրանք հիմնականում Շուշիի ուղղութեամբ են եղել, սակայն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը լարուած է եղել ամբողջ ռազմաճակատում: Բացի այդ, հակառակորդը կրկին անօդաչու թռչող սարքեր է փորձել կիրառել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքում, բայց այդ սարքերը ՀՕՊ ստորաբաժանումների կողմից խոցուել են»,-ըսած է Սուրէն Սարումեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment