Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գերմանիոյ Պունտեսթակը Ղարաբաղի Հարցով Յատուկ Երկու Նիստ Հրաւիրած է

Գերմանիոյ Պունտեսթակը Ղարաբաղի Հարցով Յատուկ Երկու Նիստ Հրաւիրած է

by MassisPost

Գերմանիան եւ միջազգային հանրութիւնը պիտի չընդունին ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական լուծումը, յայտարարած  է դաշնային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Հէյքօ Մաասը Պունտեսթակի մէջ՝ յատուկ ղարաբաղեան հարցի շուրջ հրաւիրուած նիստի ընթացքին։

«Մեր առաջնային նպատակներէն է կրակի դադարեցումը՝ առանց նախապայմաններու, եւ այդ միայն մեր պահանջը չէ, այլեւ միջազգային հանրութեան», – ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով, որ Պերլինը այդ ուղերձը կը փոխանցէ ոչ միայն Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, այլեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։

«Մեզի այլ բան չի մնար ընել, քան զօրացնել միջազգային ճնշումը բոլոր կողմերուն վրայ, որպէսզի անոնք հասկնան, որ միջազգային հանրութիւնը չընդունիր այս խնդրի ռազմական լուծումը։ Խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Եւ Թուրքիան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ, պէտք է գիտակցի իր պատասխանատւութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծումը գտնելու հարցով», – շեշտած է նախարարը:

Մինչդեռ պատգամաւորները, այդ շարքին՝ իշխող Քրիստոնեայ-դեմոկրատական խմբակցութեան անդամները, կը պնդէին՝ Գերմանիան կրնա՛յ եւ պէ՛տք է աւելին ընէ։

«Սա պատերազմ է Եւրոպայի մէջ, եւ մենք չենք կրնար լոկ հանդիսատեսի դեր ստանձնել», – յայտարարած է Անկելա Մերքէլի կուսակից Եոհան Ուատեփհուլը՝  կրաւորականութեան մէջ մեղադրելով նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը ու Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարը։ – «Մենք պէտք է շատ յստակ ուղերձ յղենք Ատրպէյճանին, քանի որ կասկած չկայ, որ Պաքուն սկսած է այս յարձակումը։ Ատրպէյճանը պիտի հասկնայ, որ կը կորսնցնէ ԵՄ-ի որեւէ աջակցութիւն, եթէ չվերադառնայ բանակցային սեղան»:

Ընդդիմադիր Ձախերու խմբակցութեան պատգամաւոր Կրեկոր Կիզիին ընդգծած է՝ միազգային համայնքը չի կրնար զուտ յայտարարութիւններով սահմանափակուիլ, քանի դեռ Ղարաբաղի բնակչութիւնը կանգնած է մարդասիրական աղէտի շեմին, պատերազմն ալ կ’ընթանայ ռազմական յանցագործութիւններով։

Հասցէական գնահատական ու յստակ քայլեր՝ այս պահանջը պատգամաւորներէն շատերը կը դնէին, ընդ որում, ոչ միայն Գերմանիոյ իշխանութիւններու, այլեւ Եւրոմիութեան ղեկավարներու առջեւ։ «Ղարաբաղեան պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ինչ կ’ըլլայ, երբ մենք ձեռքերնիս ծալած նստինք, եւ թոյլ տանք, որ ստեղծուած պարապութիւնը օգտագործեն միւս պետութիւնները, որոնք բնաւ ալ շահագրգռուած չեն խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ», – յայտարարած է Կանաչներու ներկայացուցիչ Մանուէլ Սարազինը:

«Եւրոպան տարիներ շարունակ պարզապէս քնացած էր Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցի հանդէպ։ Ժամանակն է արթննալու եւ պատասխանատւութիւն ստանձնելու», – նշած է Սարազինը։

Նոյնը պնդեց «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» խմբակցութեան պատգամաւոր Շթեֆան Քոթրէն՝ մէկը այն գերմանացի պատգամաւորներէն, որ շաբաթներ առաջ այցելած էր Ղարաբաղ ու իր աչքերով տեսած այնտեղ ստեղծուած իրավիճակը։ Ան շեշտադրած է՝ ելոյթներու ժամանակը վաղուց անցած է, այսօրուան հրամայականն է գործի անցնիլը։ «Դաշնային կառավարութիւնը պէտք է բոլոր մակարդակներով դադրեցնէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը, սառեցնէ զէնք-զինամթերքի մատակարարումներն ու պատժամիջոցներ սահմանէ», – յայտարարած է ան:

Ի դէպ, Ելոյթ ունեցողներէն շատերը զուգահեռներ կը տանէին 1915-ի եւ այսօրուան միջեւ: «Այն ժամանակ Գերմանիան լռեց, հիմա պէտք չէ աչք փակենք անարդարութեան վրայ, ու թոյլ տանք, որ պատմութիւնը կրկնուի», – պնդած է իշխող Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Մանֆրետ Կրունտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment