Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթընը կը Շեշտէ՝ Հայ Ժողովուրդը Յարձակման Կ’ենթարկուի եւ կը Կրէ Կորուստներու Հիմնական Ծանրութիւնը

Ուաշինկթընը կը Շեշտէ՝ Հայ Ժողովուրդը Յարձակման Կ’ենթարկուի եւ կը Կրէ Կորուստներու Հիմնական Ծանրութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կ’աշխուժացնէ ջանքերը ղարաբաղեան պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ։ Երէկ՝ Հոկտեմբեր 29-ին նախագահ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռոպերթ Օ՛Պրայընը կրկին զանգահարած է Հայաստանի վարչապետին եւ, ըստ պաշտօնական Երեւանի, հաւաստիացուցած, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ միջնորդական գործունէութիւնը՝ հրադադար հաստատելու ուղղութեամբ։ Ինքը՝ Օ՛Պրայընը, հեռախօսազրոյցէն յետոյ Թուիթըրին վրայ գրած է. – «Վարչապետ Փաշինեանի հետ զրոյցին ես վերստին ընդգծեցի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է հետեւին հրադադարի իրենց յանձնառութեան»։

«Երկու երկիրներու ժողովուրդներն ալ շատ տանջուած են », – փաստած է Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեան, միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի ժողովուրդը կը կրէ կորուստներու հիմնական ծանրութիւնը, քանի որ կ’ենթարկուի ռազմական յարձակման։ Կրկին ընդգծելով, որ այս հակամարտութիւնը պատերազմով չի կրնար լուծուիլ, Թրամփի խորհրդականը նաեւ յայտարարած է. – «Մենք կը յորդորենք արտաքին ուժերը զերծ մնալ միջամտութենէ եւ միանալ գործընթացը բանակցային հուն վերադարձնելու՝ Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն»։

Հայաստանի վարչապետը, պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, ամերիկեան կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը, ոտնահարելով միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ընդունուած բոլոր նորմերը եւ անտեսելով Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերը, երեք անգամ անընդմէջ կը խախտէ հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, որոնցմէ վերջինը ձեռք բերուած էր ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքը:

Այս Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռոպերթ Օ՛Պրայընի երկրորդ հեռախօսազրոյցն էր Ղարաբաղի աւելի քան մէկ ամիս շարունակուող պատերազմի ընթացքին։ Առաջինը տեղի ունեցած էր ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն մօտ հինգ օր անց:

Երէկուայ զրոյցին, ըստ հայկական կողմի, վարչապետ Փաշինեան վերստին խօսած է Թուրքիոյ ապակառուցողական դերակատարութեան մասին եւ ընդգծած՝ հրադադարի պահպանման համար անհրաժեշտ է մատնանշել, թէ որ կողմը խախտած է այն եւ որոնք են շահագրգռուած պատերազմի շարունակմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment