Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուշիի Ուղղութեամբ Վտանգը Այս Պահու Դրութեամբ Չէզոքացուած է

Շուշիի Ուղղութեամբ Վտանգը Այս Պահու Դրութեամբ Չէզոքացուած է

by MassisPost

Շուշիի ուղղութեամբ վտանգը այս պահու դրութեամբ չէզոքացուած է, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին ըսաւ Արցախի նախագահի խորհրդական՝ Դաւիթ Պապայեան:

Դաւիթ Պապայեան աւելցուց, որ թշնամու համար ընդհանրապէս Շուշին կը համարուի ռազմաքաղաքական կարեւորագոյն ուղղութիւն. «Սրանով նրանք կը լուծեն մի շարք ռազմաքաղաքական հարցեր. նախեւառաջ կը ստանան գերիշխող դիրք Ստեփանակերտի նկատմամբ, սա արդէն այլ իրավիճակ է, երկրորդը՝ բարոյական տեսանկիւնից, հոգեբանական, փորձում են ջարդել մեր ոգին»:

Անդրադառնալով Արցախի նախագահի՝ Շուշիի պաշտպանութեան միանալու երէկուայ կոչին, Պապայեան նշեց՝ որ այս կոչ էր համայն հայութեան, որ հակառակորդն ունի այդպիսի նպատակներ եւ ուզում է իրականացնել դրանք, «իսկ Շուշիի պաշտպանութիւնը համահայկական առաքելութիւն է, իւրաքանչիւրիս առաքելութիւնը»:

«Երէկ (Հոկտեմբեր 29) թշնամին մեծ խմբաւորում էր կուտակել, զրահամեքենայ եւ հրթիռահրետանային համակարգեր, համազարկային համակարգեր եւ մեծ քանակութեամբ զինուորականութիւն, որպէսզի կամաց-կամաց սկսի այդ գրոհը, բայց երէկ ոչնչացուեց այդ մեծ խմբաւորումը: Գրեթէ ի սպառ ոչնչացուեց, մի քանի հարիւր դիակ ունեն այնտեղ, ոչնչացուած են արդիական զրահամեքենայի բազմաթիւ նմուշներ: Այսինքն Շուշիի վրայ առաջին գրոհը ազդեցիկօրէն մեր Պաշտպանութեան բանակը եւ աշխարհազօրը կասեցրին: Պէտք է շարունակենք այս ուղղութեամբ եւ պաշտպանելու ենք մինչեւ վերջ, որովհետեւ Շուշին Արցախի ապագան է ինչ-որ տեղ նաեւ, հետեւաբար հայութեան ապագան է», – ըսաւ ԼՂ նախագահի խորհրդականը:

«Ազատութիւն»ի հարցին՝ այսինքն մեծ մասամբ վտանգը այդ հատուածին մէջ չէզոքացուա՞ծ է, Պապայեան պատասխանեց. «Այս պահի դրութեամբ, այո, բայց չի բացառուում, որ հակառակորդը փորձի նոր նման քայլերի դիմել»:
Արցախի նախագահի խորհրդականը ներկայացուց, որ շփման գիծի որոշ հատուածներու մէջ թէժ մարտեր կ’ընթանան: Իրավիճակը, ըստ Պապայեանի, հիմնականօրէն լարուած է հարաւային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներուն:

«Հակառակորդը շատ մեծ կորուստներ կրելով, կարծես թէ նրա այդ յարձակողական թափը կոտրուում է, հետեւաբար մենք պէտք է հասկանանք, որ տուեալ ժամանակահատուածը վճռական է, առաւել եւս որ տեսնում ենք նաեւ դիւանագիտական դաշտում ջանքերի գերլարում, եւ տարբեր հզօր պետութիւններ իրենք քայլերն աշխուժացնում են: Շատ վճռորոշ ժամանակ է, պէտք է դիմակայենք մինչեւ վերջ, որպէսզի արդէն քաղաքական գործընթացները որ սկսուեն, մենք ունենանք բաւականին շահեկան դիրքեր», – ըսաւ Պապայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment