Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Փութինի, «Հակամարտութեան Երկարաժամկէտ Կարգաւորումը Հնարաւոր Է Միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Շահերու Հաւասարակշռութեան Պահպանման Պարագային»

Ըստ Փութինի, «Հակամարտութեան Երկարաժամկէտ Կարգաւորումը Հնարաւոր Է Միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Շահերու Հաւասարակշռութեան Պահպանման Պարագային»

by MassisPost

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորումը հնարաւոր է միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերու հաւասարակշռութիւնը հաշուի առնելու պարագային», – այսօր՝ Հոկտեմբեր 29-ին Մոսկուայի մէջ ընթացող ներդրումային համաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը։

Փութինի խօսքով՝ Ռուսաստանը «ի սկզբանէ խօսած է Ատրպէյճանին Հայաստանի կողմէ գրաւուած հինգ, ապա նաեւ եւս երկու շրջաններու փոխանցման մասին»։

«Մենք ի սկզբանէ կ’ելլէինք այն մտքէն, որ պէտք է խօսիլ Ատրպէյճանին հինգ, ապա եւս երկու շրջաններու վերադարձի հնարաւորութեան մասին՝ Ղարաբաղի համար որոշակի ռեժիմի եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան ապահովմամբ», – յայտարարած է Փութինը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment