Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-Ի Գրասենեակ

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-Ի Գրասենեակ

by MassisPost

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Իմատ Ուաքիմ եւ Էտի Ապի Լամաա, նախկին նախարարներ Մըլհէմ Ռիէշի եւ Ռիշար Գույումճեան, այսօր կէսօրին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ կեդրոնը, ուր տեսակցեցաւ կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի:

SDHP-Lebanese Forces-3

Տեսակցութեան նպատակն էր զօրակցութիւն ցուցաբերել Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ ատրպէյճանական անմարդկային ոճիրներուն եւ անարդարութիւններուն լոյսին տակ: Ժողովականները միտքեր փոխանակեցին Արցախի պատերազմին եւ հրատապ թղթածրարներուն շուրջ, ապա հիւր պատուիրակութեան անունով լրատուամիջոցներուն առջեւ խօսք առաւ երեսփոխան Ապի Լամաա, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան անունով աջակցութիւն յայտնելու հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:

SDHP-Lebanese Forces-2

Ընկ. Գալփաքեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը մշտական աջակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին, որ Արցախի մէջ ճակատագրական մարտեր կը մղէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ թուրք-իսրայէլեան աջակցութիւն վայելող ատրպէյճանական ուժերուն դէմ:

SDHP-Lebanese Forces-4

Ընկ. Գալփաքեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան եւ անոր առաջնորդ Սամիր Ժաաժահին՝ հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին ցուցաբերուած յարատեւ զօրակցութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment