Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փոմփէօն Ալիեւին եւ Փաշինեանին Յորդորած Է Հաւատարիմ Մնալ Հրադադարի Պարտաւորութիւններուն

Փոմփէօն Ալիեւին եւ Փաշինեանին Յորդորած Է Հաւատարիմ Մնալ Հրադադարի Պարտաւորութիւններուն

by MassisPost

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ։ «Մայք Փոմփէօն վերստին ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի,- կը հաղորդէ Պետական քարտուղարութիւնը, աւելցնելով,-Պետական քարտուղարը յորդորած է Նիկոլ Փաշինեանին եւ Իլհամ Ալիեւին հաւատարիմ մնալու հրադադարի շուրջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ հասնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ»։

Պետական քարտուղարը ընդգծած է Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 10-ին ձեռք բերուած եւ Հոկտեմբեր 17-ին Փարիզի միջնորդութեամբ վերահաստատուած հրադադարի համաձայնութիւնը լիարժէք իրագործելու կարեւորութիւնը՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու` Հոկտեմբեր 1-ին տարածած համատեղ յայտարարութեան համաձայն։

Աւելի վաղ` անցեալ շաբաթ, Մայք Փոմփէօն առանձին-առանձին հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որմէ յետոյ կողմերը վերստին յայտարարած էին, թէ պատրաստ են մարդասիրական հրադադար հաստատել` զոհուածներու աճիւնները դուրս հանելու եւ ռազմագերիները փոխանակելու համար։ Այդ կրակի դադրեցման արդէն երրորդ փորձն էր, որ եւս, փաստացի, մնաց թուղթի վրայ։

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան երէկ դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտարարած էր, թէ կ’ակնկալէ Ուաշինկթընի արձագանգը  «Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի խախտման վերաբերեալ»։ «Յոյս ունեմ, որ ԱՄՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը կը պատասխանի հարցին` արդեօք իրենք պարզեցին, թէ ում գործողութիւնների արդիւնքում է խախտուել հրադադարը, եթէ պարզեցին, ապա ի՞նչ հետեւանքներ է ունենալու դա խախտած կողմի համար»,- ըսած էր Հայաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment