Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊՆ-ի Հաղորդմամբ` Հրետակոծուած Են ՀՀ-Իրան Սահմանի Դիրքերը, Կան Վիրաւորներ

ՊՆ-ի Հաղորդմամբ` Հրետակոծուած Են ՀՀ-Իրան Սահմանի Դիրքերը, Կան Վիրաւորներ

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ վերսկսուած ռազմական գործողութիւններու 31-րդ օրը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) հաղորդեց, որ ատրպէյճանական կողմը, խախտելով հրադադարի ռեժիմը, անօդաչուներով եւ հրթիռահրետանային միջոցներով հրետակոծած է Իրանի հետ Հայաստանի հարաւային սահմանի հատման կէտի հայկական սահմանապահ ուղեկալի դիրքերը: Անօդաչու թռչող սարքերէն (ԱԹՍ) մէկը ինկած է Հայաստանի տարածք։

Նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան, այսօր՝ Հոկտեմբեր 27-ին հանդիպելով հրամանատարական կազմին հետ, քննարկած է հարաւային սահմանին առկայ օփերաթիւ իրավիճակն ու առաջիկայ քայլերը։ «Անմիջապէս մեր կողմից հաստատուեց, բոլոր շարժերը մեր կողմից հաստատուած են, չունենք անձնակազմի կորուստներ, չունենք մարդկային ոչ մի կորուստ եւ զրահամեքենայի կորուստներ: Իրավիճակն ընդհանուր առմամբ շփման գծում մեր կողմից վերահսկելի է», – զեկուցուած է նախարարին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանի հաղորդմամբ՝ հայկական կողմը վիրաւորներ ունի։ Ստեփանեան դիմատետրի էջին գրած է, որ Հայաստանի հարաւային ուղղութեամբ ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները կանխելու նպատակով սահմանապահ ուժերը դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու` հակառակորդին պատճառելով զգալի վնասներ եւ կորուստներ: Միեւնոյն ժամանակ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան հարուածներ հասցնել ատրպէյճանական ուժերու ուղղութեամբ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ) այսօր հրապարակեց պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած 35 նոր զինուորներու տուեալները։ Ուղիղ մէկ ամիս երկարող պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին, հայկական կողմը յայտնած է 1006 զոհի մասին։ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր կորուստներու մասին թիւեր չհրապարակել։

Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին, ապա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանի հաղորդմամբ` թէեւ վաղ առաւօտեան հաղորդուեցաւ, որ Արցախի բոլոր բնակավայրերը համեմատաբար հանգիստ եղած են, ատրպէյճանական կողմը, սակայն, բոլոր ուղղութիւններով խախտած է հրադադարի պայմանները. – «Այսօր առաւօտուանից էլ թշնամին տարբեր ուղղութիւններով գործողութիւններ է ձեռնարկել` խախտելով հրադադարի պայմանները: Հիւսիսից մինչեւ հարաւ հիմնականում հրետակոծութիւններ են, մարտերն այնքան թէժ չեն, ինչպէս նախորդ 2 օրերին, բայց մարտական գործողութիւններն ընթանում են: Հակառակորդը կիրառում է նաեւ ԱԹՍ-ներ, հրետանի եւ այլ զինատեսակ»:

Սեպտեմբեր 27-ին վերսկսուած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին երեք անգամ կողմերու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է հրադադար հաստատելու մասին։ Վերջին պայմանաւորուածութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ էր երկու օր առաջ։ Կողմերը զիրար կը մեղադրեն հրադադարի պայմանները չկատարելու համար։

Հայաստանի վարչապետը այսօր Թուիթըրի մէջ տեղադրած գրառմամբ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու միջազգային համայնքի ջանքերը, զորս այս անգամ առաջնորդած է Միացեալ Նահանգները, ձախողած են: Վարչապետի հաղորդմամբ` Ատրպէյճանի կողմէն կրակը դադրեցնելու ռեժիմը խախտելու հետեւանքով Արցախի մէջ հրետակոծութենէն զոհուած ու վիրաւորուած են խաղաղ բնակիչներ։

Երէկ ուշ երեկոյեան հայկական կողմը հաղորդեց, որ Հոկտեմբեր 25-ի մարտերու ընթացքին, ատրպէյճանական կողմը յաջողած է գրաւել Քուպաթլուն եւ որոշ ուղղութիւններով առաջանալ։ Մինչ այդ քարտէզ հրապարակուած էր, ըստ որու՝ հիւսիսի մէջ ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած է Թալիշը, իսկ հարաւի մէջ՝ Միջնաւանէն Կովսականով դէպի Հատրութ երկարող հատուածը։

«Երէկ, ցաւօք, երեկոյեան ուշ ժամին մարտերի ընթացքում հակառակորդին յաջողուեց գրաւել Քուպաթլուն եւ որոշ ուղղութիւններով առաջանալ», – նշած էր Յովհաննիսեան:

Ատրպէյճան իր հերթին այսօր յայտարարեց Պարտայի հրթիռակոծութեան մասին՝ պնդելով՝ հայկական կողմը 4 հրթիռ արձակած է քաղաքի ուղղութեամբ։ Մինչդեռ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակը կատարեալ սուտ եւ սադրանք որակած է ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքը։ «Ո՛չ Հայաստանի զինուած ուժերը, ո՛չ էլ Արցախի պաշտպանութեան բանակը որեւէ հրթիռ չեն արձակել նշուած ուղղութեամբ», – դիմատետրին գրած է Շուշան Ստեփանեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment