Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ճալալ Յարութիւնեանի Վիրաւորուելէն Ետք Նշանակուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան Նոր Նախարար

Ճալալ Յարութիւնեանի Վիրաւորուելէն Ետք Նշանակուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան Նոր Նախարար

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով զօրավար-լեյտենանտ՝ Ճալալ Յարութիւնեան ազատուած է Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հրամանատարի պաշտօնէն: Հաղորդուած է նաեւ, որ Ճալալ Յարութիւնեան վիրաւոր է, եւ անոր պաշտօնանկութիւնը այդ հանգամանքով պայմանաւորուած է։ Զինք կը փոխարինէ Միքայէլ Արզումանեան, որուն այսօր շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում։

Արցախի նախագահը այսօր՝ Հոկտեմբեր 27-ին, մասնաւորապէս, իր դիմատետրի էջին գրած է. – «Ջալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահի հրամայական է՝ պայմանաւորուած օրերս մարտական դիրքում նրա ստացած վիրաւորումով եւ տարամեկնաբանութիւնների առիթ չպէտք է հանդիսանայ: Ապաքինում եմ մաղթում Ջալալ Անատոլիին եւ համոզուած եմ, որ նա շատ շուտով կը վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան»։

Այդուհանդերձ, երէկ հայկական կողմը պաշտօնապէս հաստատեց, որ արդէն երրորդ անգամ տապալուած հրադադարի նախորդող գիշերը՝ այսինքն` Հոկտեմբեր 25-ի մարտերու ընթացքին, ատրպէյճանական ուժերը յաջողած են գրաւել Քուպաթլուն եւ որոշ ուղղութիւններով առաջանալ։ Արդեօք ինը ամիս պաշտօնավարած Ճալալ Յարութիւնեանի պաշտօնանկութիւնը որեւէ կերպ պայմանաւորուա՞ծ է տարածքային կորուստներով, Արցախի նախագահի խօսնակը չցանկացաւ պատասխանել այս հարցին, միայն վերահաստատեց, որ Յարութիւնեան Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի աշխատանքէն ազատուած է առողջական խնդիրներու պատճառով. – «Ես կարծում եմ, որ պէտք է բաւարարուել այնքանով, ինչքանով պարոն նախագահն այդ առթիւ մեկնաբանութիւն է տուել եւ ինչպէս որ իր գրառման մեջ է նշել, որ տարամեկնաբանութիւններ պէտք չեն, ուրեմն չեմ կարծում, որ իմաստ կայ նոր ինչ որ այլ բաներ փնտռել կամ կարծիքներ յայտնել: Ի վերջոյ որոշողը հանրապետութեան նախագահն է: Հաշուի առնելով ժամանակահատուածի կարեւորութիւնն ու այս ծանր պատասխանատուութիւնը` պարոն նախագահը արագ որոշում է կայացրել` պաշտպանութեան նոր նախարար նշանակելով Միքայէլ Արզումանեանին»:

Վահրամ Պօղոսեան նաեւ հաղորդեց, որ Ճալալ Յարութիւնեանի կեանքին վտանգ չի սպառնար, վիրաւորումը ծանր չէ, եւ զօրավար-լեյտենանտը ապաքինումէն յետոյ կրկին կը վերադառնայ Պաշտպանութեան բանակի շարքերը, կատարելով իրեն վերապահուած ծառայողական նոր պարտականութիւնները. – «Ջալալ Յարութիւնեանն իրեն բաւականին լաւ է զգում: Ապաքինման գործողութիւնը ընթանում է շատ խիստ կերպով, եւ առաջիկայում նա կրկին վերադառնալու է Պաշտպանութեան բանակի շարքեր եւ կատարելու է արդէն իրեն վերապահուած նոր ծառայողական պարտականութիւնները»: Հարցին, թէ որոնք կ’ըլլան նոր ծառայողական պարտականութիւնները, Պօղոսեան պատասխանեց` ռազմական գաղտնիք է:

45-ամեայ Ճալալ Յարութիւնեան Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար էր, նշանակուած ինը ամիս առաջ՝ այս տարուայ Փետրուարին։ 1992 թուականէն ի վեր Պաշտպանութեան բանակին մէջ ծառայող Յարութիւնեան մինչ այդ տարբեր բարձր զինուորական պաշտօններ գրաւած էր, անոնց կարգին` Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալի պաշտօնը:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի նորանշանակ հրամանատար՝ Միքայէլ Արզումանեան 47 տարեկան է, մասնակցած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմին։

«Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնում գիտակցում է պատասխանատուութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայի, որպէսզի այդ վստահութիւնն արդարացնի», – իր նոր նշանակման մասին դիմատետրին էջին գրած է Արցախի նախագահը։

Խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան ըսաւ, թէ Միքայէլ Արզումանեան` որպէս զինուորական, մեծ ճանապարհ անցած է. – «Ռազմական մեծ ուղի ունի անցած: Նա դեռեւս իր ռազմական տաղանդով փայլել է արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ, յետոյ բաւականին մեծ, արդէն արհեստավարժ զինուորականի ճանապարհ է անցել Պաշտպանութեան բանակի ստեղծման եւ կայացման գործում եւ յայտնի է ընդհանուր առմամբ այն տեսակով, դաշտային այն հրամանատարներից է եղել, որ միշտ գերազանց կատարել է իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը, եւ համոզուած ենք, որ նոր պաշտօնում եւս նրա ղեկավարութեամբ Պաշտպանութեան բանակը ոչ միայն կատարելու է այն խնդիրները, որոնք այս պահին դրուած են, այլեւ կարողանալու է իսկապէս բեկում մտցնել, եւ մենք ունենալու ենք նոր յաջողութիւններ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment