Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Սահմանի Երկայնքով Կրակի Խտութիւնը Կտրուկ Մեծցած Է

Արցախի Սահմանի Երկայնքով Կրակի Խտութիւնը Կտրուկ Մեծցած Է

by MassisPost

«Արցախի սահմանի երկայնքով կրակի խտութիւնը կտրուկ մեծցած է», կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան:

«Հակառակորդը ՊԲ դիրքերի ուղղութեամբ կիրառում է փողային եւ ռեակտիվ-ինքնամուղ հրետանի, նաեւ` թանկեր», – նշած է Ստեփանեան:

Երէկ՝ Հոկետեմբեր 25-ի երեկոյեան, ԱՄՆ-ը յայտարարեց, որ կողմերը համաձայնած են երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 8-ին դադրեցնել կրակը։

Չնայած ասոր, առաւօտեան Արցախի արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի օդուժը, խախտելով հրադադարի համաձայնութիւնը, հարուածած է Մարտունի քաղաքը։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ հայկական զինուած ուժերը հրետակոծած են Ղարաբաղին յարակից ատրպէյճանական շրջանները։

Չնայած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր՝ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ մարդասիրական հրադադարի մասին ձեռք բերուած արդէն երրորդ պայմանաւորուածութեան, հայկական կողմի պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ հրադադարի ռեժիմը խախտուած է նաեւ խաղաղ բնակավայրերու մէջ։

Այսօր տեղական ժամանակով՝ 08:00-ին, ուժի մէջ մտած հրադադարէն յետոյ, Մարտունի քաղաքի ուղղութեամբ կիրառուած է ռազմական օդուժ։ Աւելի ուշ 13:50-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հաղորդմամբ, Ատրպէյճանը նաեւ «Սմերչ» համակարգէն 1 հրթիռ արձակած է Մարտունիի շրջանի Զարդարաշէն գիւղի ուղղութեամբ: Մինչդեռ հայկական կողմը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ կը շարունակէ խստօրէն պահպանել հրադադարի ռեժիմը:

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրի գրառման մէջ կը կարդանք. «Չնայած առանձին  սադրանքներին՝ հրադարարը ընդհանուր առմամբ պահպանուում է: Հայկական կողմը շարունակելու է հաւատարիմ մնալ հրադադարի ռեժիմին»:

Ատրպէյճանը հրադադարի պայմանաւորուած ժամէն րոպէներ առաջ յայտարարած էր, թէ հայկական կողմը խախտած է հրադադարը՝ հարաւային ուղղութեամբ հրետակոծելով ատրպէյճանական դիրքերը։

Տեղեկութիւնը հերքած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։ Անոր հաղորդմամբ՝ ատրպէյճանական կողմը ժամը 8:45-ի սահմաններուն հրետանային կրակ վարած է Արցախի հիւսիսարեւելեան մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ 09:10-ի սահմաններուն թիրախաւորած է հարաւարեւելեան ուղղութեամբ դիրքերը` արձակելով հինգ հրետանային արկ:

«Ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնները, թէ, իբր, հայկական կողմը խախտել է մարդասիրական հրադադարի ռեժիմը, չեն համապատասխանում իրականութեանը եւ ունեն ակնյայտ սադրիչ բնոյթ: Այս առումով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւորում է հրադադարի ռեժիմի պահպանման յստակ յարաչափերի շուտափոյթ ներդրումը եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ ռազմագերիների եւ պահուող այլ անձանց, ինչպէս նաեւ զոհուածների մարմինների փոխանակման գործընթացի մեկնարկը», – նշած է Ստեփանեան:

Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Զառա Ամատունին «Ազատութիւն»ին փոխանցեց՝ մինչեւ կողմերը լիովին չյարգեն հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը, կազմակերպութիւնը չի կրնար կատարել զոհերու մարմինները դուրս հանելու եւ ռազմագերիները փոխանակելու իր մարդասիրական առաքելութիւնը:

«Պետք է լինի հրադադար, կողմերը յարգեն հրադադարը, որ մեր խումբերը եւ այնտեղի աշխատանքները անվտանգ անցնեն: Եթէ հրադադարը չի պահպանուում, ինչպէս ասում էք, վկայակոչելով պետական իշխանութիւնները, իսկ մեր պայմանը հրադադարի պայմաններում կարողանալ աշխատանք կատարելն է, ապա ինձ թուում է պատասխանն արդէն հարցի մէջ կայ: Մենք չենք դադարել մեր շփումները կողմերի հետ, կապուած այս հարցերի շուրջ որոշակի պայմանաւորուածութիւններ կամ առաջարկութիւններ քննարկելու գործընթացը, ինքը ընթացիկ է: Այլ հարց է, որ իսկապէս, եթէ խօսքը գնում է հրադադարի պահպանման մասին, դա պէտք է լինի, որպէսզի քննարկուած որեւէ տարբերակ աշխատի», – ըսաւ Ամատունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment