Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներուն Հետ Քննարկած Է Հրադադարի Համար Անհրաժեշտ Քայլերը

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներուն Հետ Քննարկած Է Հրադադարի Համար Անհրաժեշտ Քայլերը

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ քննարկած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի համար անհրաժեշտ քայլերը: Այդ մասին Մայք Փոմփէոն գրած է Թուիթերի իր էջին վրայ` Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ջէյհուն Պայրամովի հետ առանձին-առանձին ունեցած հանդիպումներէն յետոյ:

«Երկու կողմն ալ պէտք է հրադադար հաստատեն եւ վերադառնան բովանդակային բանակցութիւններու»,- գրած է Ամերիկայի պետական քարտուղարը: Պետական Գրասենեակի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ եւս կը նշուի, որ Մայք Փոմփէոն ընդգծած է բռնութիւնները դադարեցնելու եւ խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

«Պետական քարտուղարը նաեւ ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ներքեւ բովանդակալից բանակցութիւններ սկսելու կարեւորութիւնը՝ Հելսինքիի ակտի սկզբունքներու՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չգործադրման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման վրայ»:

ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան համաձայն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ջէյհուն Պայրամով Փոմփէոյի հետ հանդիպման ընթացքին պնդած է, թէ «Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանի արդար դիրքորոշումը կը հիմնուի ՄԱԿ-ի ԱնՎտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն վրայ»:

Փոմփէոն եւ Պայրամովը քննարկած են նաեւ ատրպէյճանա-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Զօհրապ Մնացականեանը պետական քարտուղարին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւններուն մասին, որոնք կը դրսեւորուին Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքով, գլխատումներով եւ սպանութեամբ:

Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը ընդգծած է նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմի այս յարձակողական քայլերը տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւմամբ, որ կÿարտայայտուի անմիջական ռազմական աջակցութեամբ եւ տարածաշրջան զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծմամբ: Նախարար Մնացականեանի համաձայն Ատրպէյճանը Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտի եւ միջազգային ահաբեկչութեան կեդրոն դառնալու որոշումը լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանային ապահովութեան համար:

Հայկական կողմը վերահաստատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի անյապաղ դադարեցման շուրջ ձեռք ձգուած համաձայնութիւններու կատարման, ինչպէս նաեւ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս խաղաղ գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Մինչ այս հանդիպումները լրագրողների հետ զրոյցի ընթացքին Մայք Փոմփէոն ընդգծած էր, որ իր նպատակն է նախ եւ առաջ կրակը դադարեցնել:

«Գետնի վրայ բարդ իրավիճակ է, նաեւª դիւանագիտական առումով: Այս հարցով մեր դիրքորոշումը ինչպէս եւ եւրոպական երկիրներունը, կը մնայ նոյնը՝ յառաջ երթալու ճիշդ ճանապարհը հրադադարն է: Ես պիտի յորդորեմ արտաքին գործոց նախարարներուն թուլացնել լարուածութիւնը եւ պիտի ընդգծեմ, որ երրորդ երկիրները պէտք է զերծ մնան միջամտելէ եւ աւելի չբորբոքելու այս հակամարտութիւնը՝ զէնք ու աջակցութիւն առաջարկելով»,- ըսած էր Ամերիկայի պետական քարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment