Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էրտողանի Պնդմամբ՝ «Անգարան Եւ Մոսկուան Նոյն Իրաւունքները Ունին Ղարաբաղի Կարգաւորման Հարցով»

Էրտողանի Պնդմամբ՝ «Անգարան Եւ Մոսկուան Նոյն Իրաւունքները Ունին Ղարաբաղի Կարգաւորման Հարցով»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան այսօր՝ Հոկտեմբեր 23-ին Պոլսոյ մէջ յայտարարած է, որ Անգարան եւ Մոսկուան ղարաբաղեան խնդրով ունին նոյն իրաւունքները:

«Թուրքիան ունի ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման մասնակցելու այնպիսի իրաւունք, ինչպիսին ունի Ռուսաստանը: Գիտէք, որ Թուրքիան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ է, սակայն եռանախագահութիւնը, ցաւօք, մինչ օրս արդիւնքի չէ հասած: Ատրպէյճան իրաւացի պահանջ կը դնէ՝ ըսելով,  եթէ Հայաստանը Ռուսաստանին կ’առաջարկէ, ուրեմն մենք ալ Թուրքիոյ առաջ կը քաշենք: Ատրպէյճանը կը պնդէ, որ սահմանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն Թուրքիան եւ Ռուսաստանը միասին գործեն»,- Պոլսոյ ուրբաթօրեայ  աղօթքէն  յետոյ ըսած է Էրտողան:

Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ «Ռուսաստան հակամարտութեան կարգաւորման Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ ոչ մէկ պահանջ կը ներկայացնէ»: «Այս մասով Ռուսաստանէն բացասական կարծիք չէ հնչած: Մինչ այժմ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցով միասին աշխատած ենք, մեր ցանկութիւնն է նոյն կերպ յաջողութեամբ աշխատիլ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդրի լուծման ուղղութեամբ»,- նշած է Թուրքիոյ նախագահը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment