Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցի Գերին Կարեւոր Տուեալներ Ներկայացուցած է Թուրք Մասնագէտներու Մասին

Ատրպէյճանցի Գերին Կարեւոր Տուեալներ Ներկայացուցած է Թուրք Մասնագէտներու Մասին

by MassisPost

Արցախի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ բուժում ստացող ատրպէյճանցի ռազմագերի՝ Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն պատմած է, թէ ինչպէս Թուրքիայէն ժամանած զինուորական մասնագէտները կը ղեկավարեն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած ռազմական յարձակումը: Լուսանկարիչ՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի հրապարակած տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերին կը պատմէ, որ դասընթացքներ ընելու նպատակով իրենց հետ եկած էին երեք հոգի եւ ըսած էին, որ Թուրքիայէն են:

«Այդ ակնյայտ էր անոնց խօսելու ձեւէն եւ զինուորական հագուստէն: Դասընթացքները հիմնականօրէն կը կատարուէին անոնց պատրաստած ծրագիրով: Ատոնք տեւեցին 10-15 օր: Անոնք հիմա կը գտնուին մեր հրամանատարական կէտերը, եւ առանց անոնց հրահանգներուն մեր հրամանատարները ինքնուրոյն որոշումներ չեն կայացներ»,- ըսած է ատրպէյճանցի ռազմագերին:

Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն նշած է նաեւ, որ իր առողջական վիճակը լաւ է, բժիշկները վէրքը կը մշակեն եւ նոր վիրակապ կը դնեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment