Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փեսքով Վերահաստատած է, Որ Թուրքիան Չի Կրնար Ըլլալ Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Միջնորդ

Փեսքով Վերահաստատած է, Որ Թուրքիան Չի Կրնար Ըլլալ Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Միջնորդ

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան այսօր՝ Հոկտեմբեր 22-ին, հերթական անգամ ընդգծած է, որ Թուրքիան չի կրնար ըլլալ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման միջնորդ երկիր, քանի որ անոր համաձայն չէ հակամարտող կողմերէն մէկը՝ Հայաստանը։

«Ռուսաստանը ըրած է հնարաւոր ամէն բան՝ իրավիճակը դիւանագիտական եւ քաղաքական կարգաւորման հարթութիւն տեղափոխելու համար։ Մենք նախկինին պէս համոզուած ենք, որ դիւանագիտական կարգաւորման այլընտրանք չկայ», – այսօր յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքովը։

Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղարը աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը մտադիր է «այսուհետ եւս գործադրել բոլոր ջանքերը այդ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար»․ – «Այլ ելք պարզապէս չկայ»։

Պաշտօնական Մոսկուան եւս մէկ անգամ այսօր յայտատարած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներ կարող են ըլլալ միայն այն երկիրները, որոնց միջնորդութիւնը ընդունելի կ’ըլլայ հակամարտող կողմերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։ Փեսքովի խօսքով՝ կարգաւորման գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերուն երրորդ երկիրներու մասնակցութիւնը ամբողջութեամբ կախուած է հակամարտութեան մասնակիցներու քաղաքական կամքէն։ Նման պատասխան տուած է Տմիթրի Փեսքովը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կարգաւորման Թուրքիոյ ներգրաւման հնարաւորութեան մասին հարցին։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան յայտարարած է՝ «Օտարերկրացի զինեալներու ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ լուրջ խնդիր է Ռուսաստանի համար»

«Ռուսաստանցի ռազմական փորձագէտները մանրակրկիտ վերահսկողութեան տակ կը պահեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալուած մարտական գործողութիւններուն օտարերկրացի զինեալներու մասնակցութեան հարցը», – Մոսկուայի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ, նշած է Զախարովան։

«Այս հարցը մեզ կը մտահոգէ, մենք այդ մասին նաեւ հրապարակայնօրէն յայտարարած ենք։ Կարող եմ ձեզի վստահեցնել, որ շատ աշխուժօրէն նաեւ ոչ հրապարակային աշխատանք կը տարուի։ Մեզի համար այդ իրօք շատ լուրջ խնդիր է», – նշած է Ռուսաստանի ԱԳՆ խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment