Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Որոշեց Ծառուկեանը 100 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակել

Դատարանը Որոշեց Ծառուկեանը 100 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակել

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան բաւարարեց «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը՝ զինք գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մասին:

Գագիկ Ծառուկեան ազատ կ’արձակուի 100 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:

Լրագրողներու հետ զրոյցին, ԲՀԿ առաջնորդի փաստաբաններէն Սամուէլ Տիլպանտեան որոշումը «արդարացի» որակեց՝ նշելով. «Առաջին ատեանի դատարան դիմելու հիմքը քրէական դատավարութեան օրէնսդրութեամբ նախատեսուած նոր հանգամանքներ ի յայտ գալու հանգամանքն է: Դա մեր երկրի ռազմական դրութիւնն է, այն վիճակն է, որ մենք այսօր կանք, գոյութիւն ունենք, ու դատարանը գնահատելով մեր միջնորդութեան մէջ բերուած բոլոր իրաւական եւ փաստական հանգամանքները կայացրեց արդարացի որոշում»:

Նշենք, որ Ծառուկեան կալանաւորուած է Սեպտեմբեր 25-էն:

ԲՀԿ-ի առաջնորդը կալանաւորելու համար Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը միջնորդած էր Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան, սակայն այդ միջնորդութիւնը մերժուած էր։

Ծառուկեան կը մեղադրուի 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ ընտրակաշառք տալ կազմակերպելու մէջ, սակայն մեղադրանքը չի ընդունիր։ Ծառուկեան կը համարէ, որ ինք քաղաքական հետապնդման կ’ենթարկուի Կառավարութեան հրաժարականը պահանջելուն համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment