Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Բանակը Շուրջ 1 Տասնեակ «Պայրաքթար» Թրքական ԱԹՍ Խոցած Է

Պաշտպանութեան Բանակը Շուրջ 1 Տասնեակ «Պայրաքթար» Թրքական ԱԹՍ Խոցած Է

by MassisPost

Պատերազմի ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը շուրջ 1 տասնեակ «Պայրաքթար» թրքական անօդաչու թռչող սարքեր խոցած է: Խոցուած սարքերէն ոչ մէկը, սակայն, ՊԲ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները ինկած էր, կը յայտնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Կարծես վերջապէս «Պայրաքթարի» բեկորներ ունենք, ինչից ակնյայտ է դառնում, որ այն արտադրուած է սեպտեմբերին, իսկ գերժամանակակից տեսախցիկը Քանատայում արտադրուել է Յունիսին:

Ինչով է սա կարեւոր. յստակ փաստով ապացուցուում է Թուրքիայի անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի դէմ մղուող ահաբեկչական պատերազմում եւ դրա նախապատրաստութիւններին:

bayraktar-1

Եւ այն երկրները, որոնք «Պայրաքթարի» համար անհրաժեշտ բաղադրամասեր են մատակարարում Թուրքիային՝ այս փաստի բերումով պէտք է հետեւեն Քանատայի օրինակին եւ կասեցնեն հետագայ մատակարարումները», – գրած է Փաշինեան իր դիմատետրի էջին:

Աւելի վաղ Քանատան սառեցուցած էր այն ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը Թուրքիոյ, որոնք, ըստ հաղորդումներու, օգտագործուած են Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Քանատայի վարչապետի հետ զրոյցին Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ «Քանատայի կողմէ Թուրքիոյ սպառազինութեան որոշ տեսակներու մատակարարումը դադրեցնելու որոշումը կը հակասէ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment