Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու Չէ Յաջողած Հասնելու իր Ռազմական Նպատակներուն, Նոյնիսկ Թուրքիոյ Աջակցութեամբ, կը Պնդէ Stratfor-ի Ռազմական Փորձագէտը

Պաքու Չէ Յաջողած Հասնելու իր Ռազմական Նպատակներուն, Նոյնիսկ Թուրքիոյ Աջակցութեամբ, կը Պնդէ Stratfor-ի Ռազմական Փորձագէտը

by MassisPost

«Ատրպէյճանական բանակը վաղուց նախապատրաստուած էր այս յարձակման, սակայն ակնյայտ է, որ Պաքուն չէ յաջողած հասնելու իր առջեւ դրուած ռազմական նպատակներուն, նոյնիսկ Թուրքիոյ աջակցութեամբ», – կը պնդէ ամերիկեան հեղինակաւոր Stratfor -ի ռազմական փորձագէտ Սիմ Թեքը։ Աւելի քան 25 տարի գործող հետախուզա-վերլուծական կեդրոնը իր վերջին հաղորդումներէն մէկը նուիրած է Արցախի մէջ սեպտեմբերէն շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն «Ով կը յաղթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» վերնագրի տակ։

«Ատրպէյճանը կը պատրաստուէր այս յարձակման։ Արբանեակային լուսանկարներէն եւ այլ աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատուութիւնը ցոյց կու տար, որ Ատրպէյճանը սեպտեմբերին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ՝ օգոստոսին, կը նախապատրաստէր իր առաջնագիծը, նոր խրամատներ կը փորէր կամ կը թարմացնէր հիները, ծանր զրահամեքենայ կը տեղափոխէր ռազմաճակատ»,- ըսած է ռազմագէտը։

«Հրադադարի խախտումներն ու կարճատեւ բախումները պարբերական բնոյթ կրած են այս հակամարտութեան գօտիին վրայ, սակայն զօրքերու ու զրահամեքենաներու ներկայ տեղաշարժը աննախադէպ է․ նման ուժգնութիւն չէ եղած նոյնիսկ 2016-ի սրացման ժամանակ»,- ըսած է Stratfor-ի վերլուծաբանը` ընդգծելով, որ 1994-էն ի վեր ամենալայնատարած ու արիւնալի այս պատերազմի մեկնարկին նպաստած է նախ եւ առաջ Անգարայի անվերապահ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին։

Թուրքիան յստակ նկրտումներ ունի այս տարածաշրջանին մէջ, ուր կը մրցակցի Ռուսաստանի հետ՝ ազդեցութեան ոլորտները կիսելու համար։ Եւ Թուրքիան իր այդ քաղաքականութեան մէջ առաջին հերթին դաշնակիցին՝ Ատրպէյճանին կ’օգտագործէ։ Տպաւորութիւն կայ, որ այս քայլերով Անգարան կը փորձէ մարտահրաւէր նետել եւ խախտել Ռուսաստանի կողմէ հաստատուած սթաթուս-քուոն Հարաւային Կովկասի մէջ»։

Հետեւելով արդէն երրորդ շաբաթը շարունակուող պատերազմին՝ Stratfor-ի ռազմական փորձագէտը կը փաստէ, «Մեծ հաշուով, կողմերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու էական փոփոխութիւն չենք տեսներ։ Երբ կը նայինք, թէ ուր էր շփման գիծը այս պատերազմէն առաջ՝ տասնամեակներ շարունակ, կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը միայն յաջողած է իր վերահսկողութեան տակ առնել զուտ գիւղերէն քանի մը հատը առաւել ցածրադիր տեղանքներէն։ Իրողութիւնը այն է, որ այս տարածքը շատ լեռնային է, եւ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են։ Երբ կը փորձես առաջխաղացում արձանագրել դէպի այդ լեռները, շատ արագ բախում կ’ունենաս խնդիրներու հետ, հետեւակդ չի կրնար ազատօրէն շարժիլ այդ տարածքը, մինչդեռ հակառակորդը կրնայ շատ աւելի ամուր դիրքեր ունենալ։ Այնպէս որ, կարող ենք փաստել, որ Ատրպէյճանը յաջողած է ինչ որ առաւելութեան հասնիլ, բայց շատ սահմանափակ»։

Աշխարհագրական անբարենպաստ պայմաններէն բացի, ըստ փորձագէտին, ատրպէյճանական բանակին առաջիկային եւս մէկ մարտահրաւէր կը սպասէ՝ եղանակը։ «Մօտալուտ ձմեռը ա՛լ աւելի կը սահմանափակէ ռազմական գործողութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնը»,- կ’ըսէ Սիմ Թեքը, արձանագրելով, որ դեռ հարց է՝ արդեօք պատերազմը կը շարունակուի այդքան ժամանակ։

«Որքան Ատրպէյճանը կը մօտենայ լեռնային շրջաններուն, այնքան աւելի ու աւելի կը դժուարանայ առաջխաղացումը։ Չյաջողելով նոր տարածքներ գրաւելու, Պաքուն պիտի փորձէ իր ներկայի յաջողութիւնները վերածել իրական զիջումներու բանակցային գործընթացին»,- ըսած է փորձագէտը։

Stratfor-ի փորձագէտը կը փաստէ, որ բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են՝ յիշատակելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ «Յստակ է, որ հակամարտութիւնը հասած է կէտի մը, երբ անհրաժեշտ են կարգաւորման նոր մօտեցումներ, նոր համաձայնութիւններ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:,-ըսած է Սիմ Թեքը, որ կը զբաղի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ հակամարտութիւններու մասին տեղեկութիւններու հաւաքագրմամբ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment