Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարութիւնը Բողոք Յայտնած Է Ղարաբաղի Հարցով ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարի Խօսքերու Կապակցութեամբ

Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարութիւնը Բողոք Յայտնած Է Ղարաբաղի Հարցով ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարի Խօսքերու Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր նշուած է․ «Ատրպէյճանական կողմը կը գտնէ, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի կարծիքը չի համապատասխաներ հակամարտութեան կապակցութեամբ նախկին կատարուած ԱՄՆ-ի կառավարութեան բազմաթիւ յայտարարութիւններուն։ Այդ կարծիքը նաեւ չի համապատասխաներ ԱՄՆ-ի կարգավիճակին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող երկիր»,- յայտարարած է պաշտօնական Պաքուն։

Նախօրէին WSN Atlanta հեռուստաընկերութեան եթերով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն ըսած էր․ – «Մենք յուսով ենք, որ հայերը կը կարողանան պաշտպանուիլ Ատրպէյճանի գործողութիւններէն, անոնք բոլորը կը հասնին իրական հրադադարի, կը նստին բանակցային սեղանի շուրջ՝ փորձելով հասկնալ այդ իսկապէս պատմական եւ բարդ խնդիրներու շարքը։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պատմական եւ բարդ խնդիր է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment