Reuters լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ժան Իվ Լը Տրիան դատապարտած է Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական հակամարտութեան մէջ: Նախարարի հաղորդմամբ` տեղի հայութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիան կը սատարէ Ատրպէյճանին:
«Չի կայանար այս հակամարտութեան մէջ ռազմական յաղթանակ, հրադադարը անհրաժեշտ է պահպանել, բայց Թուրքիան միակ երկիրն է, որ չի ցանկար յարգել հրադադարը, եւ այդ շատ մեծ վնաս կը հասցնէ»,- ըսած է Ժան Իվ Լը Տրիանը:
Ֆրանսայի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը այդ մասին յայտարարած է Փարիզի մէջ իր գերմանացի եւ լեհ պաշտօնակիցներ՝ Հայքօ Մաասի եւ Զպիկնեւ Ռաուի հետ համատեղ հանդիպումէն յետոյ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու, Պելառուսի մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական հակամարտութեան թեմաներն էին: Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի միջեւ քննարկումներու այդ ձեւաչափը յայտնի է որպէս «Ուեյմարեան եռեակ»:
Ֆրանսան եւ Գերմանիան այդ հանդիպման ընթացքին Թուրքիան դատապարտած են նաեւ Եւրոպական միութեան Միջերկրականին մէջ սադրելու համար:
Եւրամիութիւնը Անգարայէն պահանջած է դադրեցնել ծովու վիճայարոյց հատուածին մէջ բնական կազի որոնման եւ արդիւնահանման ծրագիրը, սակայն թուրքերը նորէն նաւ մը ուղարկած են շրջան, որ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ կը պատկանի Յունաստանին եւ Կիպրոսին: