Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պայտըն կը Քննադատէ Թրամփը Ղարաբաղի Հարցով

Պայտըն կը Քննադատէ Թրամփը Ղարաբաղի Հարցով

by MassisPost

Դեմոկրատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու՝ Ճոզեֆ Պայտըն քննադատած է Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կրաւորական քաղաքականութեան համար։

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ  Հոկտեմբեր 10-ի հրադադարի ռեժիմի փլուզումով եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու անոր յարակից տարածքին մէջ մարտերու վերսկսմամբ: Անօդաչու թռչող սարքերը, ականանետերը եւ հեռահար հրետանին կը խլեն հարիւրաւոր կեանքեր շփման գիծի երկու կողմերէն ալ եւ տեղահան կ’ընեն հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ», – ըսուած է Պայտընի պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Անհասկնալիօրէն, Թրամփի վարչակազմը հիմնականօրէն կրաւորական է եւ կտրուած լարուածութեան աճի այս վերջին շրջանի ողջ ընթացքին: Սեպտեմբեր 27-ի ռազմական գործողութիւններու բռնկումէն ի վեր, ոչ նախագահ Թրամփը, ոչ ալ պետական քարտուղար Փոմփէօն ոչ մէկ անգամ զանգած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն, նոյնիսկ երբ տարածաշրջանը կ’այրի կրակներու մէջ:

Դիւանագիտութիւնը Մոսկուային պատուիրակելու փոխարէն, վարչակազմը պէտք է աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն ունենայ՝ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ, աշխատելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ` մարտերը թուլացնելու եւ երկու կողմերը բանակցութիւններուն վերադարձնելու համար:

Թրամփի վարչակազմը պէտք է Ատրպէյճանին ըսէ, որ չի հանդուրժեր այս հակամարտութեան ռազմական լուծում պարտադրելու անոր ջանքերը: Հայաստանին պէտք է հասկնալի ըլլայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող շրջանները չեն կրնար անվերջ գրաւուած մնալ, եւ որ հրադադարի կնքումէն անմիջապէս ետք պէտք է սկսին յուսալի բանակցութիւնները հակամարտութեան տեւական լուծման շուրջ:

Վերջապէս, ան պէտք է դադրի փաղաքշելէ Անգարային եւ ըսէ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իրանին, որ հեռու մնան այս հակամարտութենէն: Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի տրամադրումը եւ ռազմական լուծումը խրախուսող ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը անպատասխանատու են», – շեշտած է ԱՄՆ-ի նախկին փոխնախագահը իր յայտարարութեան մէջ:

«Դիւանագիտական լուծման հասնիլը դիւրին պիտի չըլլայ, բայց Թրամփի վարչակազմը պարտաւոր է փորձել: Այն պէտք է ընէ շտապ՝ կանխելու համար նոր մարդկային կորուստները եւ հակամարտութեան ընդլայնումը», – յայտարարած է Ճոզեֆ Պայտըն:

Անցեալ շաբաթավերջին, Մոսկուայի մէջ մարդասիրական հրադադար հաստատելու մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ: Այդուհանդերձ, Հոկտեմբեր 10-ի ժամը 12-էն ուժի մէջ մտած հրադադարը չի պահպանուիր, որուն համար կողմերը զիրար կը մեղադրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment