Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Հանդիպումը Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Փաշինեանի Հանդիպումը Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն, անոնց կարգին՝ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս, ինչպէս նաեւ պատասխանած է շարք մը հարցերու:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկութիւնները Ատրպէյճանի դէմ պայքարի եւ հետագայ քայլերու ուղղութեամբ:

Հանդիպման կը մասնակցէին առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած «Հայ Ազգային Գոնկրէս»-ի փոխնախագահ՝ Լեւոն Զուրաբեանը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արամ Սարգսեանը, Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դեմիրճեանը, ՍԴՀԿ վարչութեան ատենապետ Արսէն Գիւփէլեանը, նախկին իշխող ուժի՝ «Հանրապետական» կուսակցութեան խօսնակ՝ Էտուարտ Շարմազանովը, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը, «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արման Բաբաջանեանը, «Քաղաքացու Որոշում» կուսակցութեան գործադիր մարմնի քարտուղար՝ Սուրէն Սահակեանը եւ «Սասնա Ծռեր» կուսակցութեան համակրգող Վարուժան Աւետիսեանը:

Զրուցակիցները ողջունած են նման ձեւաչափով միտքերու փոխանակութիւնը: Նշուած է, որ կախուած իրավիճակէն՝ նմանատիպ հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment