Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճօ Պայտըն Կոչ Կ՛ընէ ԱՄՆ-ին Ուժեղացնել Ջանքերը ԼՂ Խնդրին Խաղաղ Լուծում Գտնելու Համար

Ճօ Պայտըն Կոչ Կ՛ընէ ԱՄՆ-ին Ուժեղացնել Ջանքերը ԼՂ Խնդրին Խաղաղ Լուծում Գտնելու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ թեկնածու՝ Ճօ Պայտըն հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջը ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու բռնկմամբ եւ կոչ կ՛ընեմ արագ լիցքաթափել, վերականգնել հրադադարը եւ վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ: Միացեալ Նահանգները պէտք է ճնշում գործադրէ, որ հրադադարի գծի երկայնքով աւելի շատ դիտորդներ տեղակայուին, եւ կոչ ընէ Ռուսաստանին դադարեցնել ցինիկօրէն զէնք տրամադրել երկու կողմերուն, միաժամանակ վերանայելով մեր անվտանգութեան աջակցութեան ծրագրերը՝ համոզուելու համար, որ ռազմական կարողութիւնները փոփոխութեան չեն ենթարկուիր յարձակողական միջոցներու համար», – ըսուած է Պայտըն-Հարրիս ընտրարշաւի յայտարարութեան մէջ:

Պայտըն կը պահանջէ, որ Թրամփի վարչակազմը նաեւ պէտք է ուժեղացնէ իր դիւանագիտական ջանքերը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ, խաղաղ լուծում գտնելու, եւ աջակցի վստահութեան կառուցման միջոցներ ստեղծելուն»:

«Ռազմական գործողութիւններու բռնկումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգ կը ստեղծէ աւելի մեծ տարածաշրջանային հակամարտութեան վերածուելու համար, այդ իսկ պատճառով տարածաշրջանի երրորդ կողմերը պէտք է հեռու մնան այս հակամարտութենէն, իսկ Մինսկի խումբի միջնորդները անյապաղ պէտք է ձգտին թուլացնելու լարուածութիւնը եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն», – ասուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ զինադադարի մասին համաձայնութենէն առաջ:

Աւելի ուշ Ճօ Պայտըն Թուիթըրի վրայ կատարուած գրառմով յստակեցուց իր կոչը, աւելցնելով, որ Թրամփ պէտք է պահանջէ Թուրքիայէն հեռու մնալ հակամարտութենէն:

The Hill ազդեցիկ թերթը այս կապակցութեամբ կը գրէ, որ Պայտընի այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կրնայ Դեմոկրատ թեկնածուն նախագահ դառնալու պարագային առճակատիլ Թուրքիոյ հետ այս հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment