Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուց Արցախի Շուրջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

Փաշինեանը Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուց Արցախի Շուրջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

by MassisPost

Երեւանի մէջ կայացած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին, մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բարձրաձայնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններու մասին, սկիզբը նեղ, այնուհետեւ ալ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ։

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներուն վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Ատրպէյճանը մեղադրելով, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, Արցախի դէմ լայնամաշտապ պատերազմ սկսելու համար։ Վարչապետ Փաշինեանը շեշտած է՝ ռազմական գործողութիւններուն մէջ կը կիրառուին նորագոյն զինամթերքի բոլոր տեսակները, որոնք ուղղուած են ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի դէմ։

«Մենք այդ գործողութիւնները գնահատում ենք որպէս ատրպէյճանաթուրքական յարձակում՝ ընդդէմ հայ ժողովուրդի։ Մեր ժողովուրդը կանգնել է լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ։ Մեր քաղաքներն ու գիւղերը գտնւում են մշտական հրետանային ու հրթիռային կրակի տակ։ Թիրախի տակ է գտնւում Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը։ Կան բազմաթիւ վիրաւորներ ու սպանուածներ։ Մեծ վնաս է հասցուել ենթակառուցուածքներին, ոչնչացուել են բնակելի շինութիւններ։ Յատկապէս տուժել է Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը», – նշած է Փաշինեանը։

Փաշինեանը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կանգնած է մարդասիրական աղէտի շեմին։ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Ռուսաստանի, Պելառուսիայի, Ղազախստանի կառավարութիւններու ղեկավարներուն վարչապետը յայտնած է, որ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած սուրիացի վարձկաններ ու զինեալներ։

Վարչապետը Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն անհանգստացնող համարած է, ըստ Փաշինեանի, Թուրքիոյ աշխոյժ գործողութիւնները կը սպառնան ապակայունացնել իրավիճակը ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհին մէջ։

«Չնայած բոլոր ջանքերին, մեր հակառակորդին չյաջողուեց հասնել էական արդիւնքների։ Մեր ժողովուրդը համախմբուած է ինչպէս երբեւէ եւ լի վճռականութեամբ՝ կանգնել մինչեւ վերջ եւ պաշտպանել մեր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը», – յայտարարած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը։

Հայկական կողը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին եւ պատրաստ է խաղաղ գործընթացի վերսկսման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին օրերու յայտարարութիւններուն համապատասխան, յայտարարած է վարչապետը։

Ընդլայնուած հանդիպման ժամանակ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու հարազատներուն ու կարեւորելով մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադարեցումը։

«Ի հարկէ, կարեւոր է ապահովել բոլոր մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադարեցումը եւ անցնիլ հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման։ Ռուսաստանը պատրաստ է անոր նպաստելու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբվի միւս համանախագահ երկիրներուն հետ», – ըսած է Միշուսթինը։

Ռազմական գործողութիւններու դադարեցման կարեւորութիւնը Ռուսաստանի վարչապետն ու Հայաստանի վարչապետը նիստի շրջածիրէն ներս կայացող երկկողմ հանդիպման ժամանակ շեշտած են՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Եւրասիական միջկառավարական նիստին ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարները նաեւ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած հարցերուն անդրադարձած են։ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինն ընդլայնուած նիստի ընթացքին յայտարարած է՝ ԵԱՏՄ երկիրները առաջիններէն պիտի ըլլան, որոնք պիտի ստանան «Քորոնա» ժահրի դէմ ռուսական պատուաստանիւթը:

ԵԱՏՄ երկիրներու վարչապետները քննարկած են նաեւ ուղեւորափոխադրումներու հարցը: Յանձնաժողովի նախագահ Միխայիլ Միասնիքովին ըսած է, թէ քննարկումները վստահութիւն կը ներշնչեն, որ ուղեւորափոխադրման հարցերը շատ արագ լուծում պիտի ստանան։

Իսկ Պելառուսիայի վարչապետ Ռոման Կոլովչենքոն յայտարարած է, որ մինչեւ տարեվերջ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ կազի ընդհանուր շուկայի ստեղծման համար պէտք է պատրաստ ըլլան մեթոտական հիմքերը։

Կայացած նիստին Ղրղըզստանը ներկայացուած էր դեսպանի մակարդակով, քանի որ այդ երկրի վարչապետը հրաժարական տուած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment