Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայկական Կողմը Վստահ Է, Որ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին Հակառակորդը Դիտմամբ Հարուածեց

Հայկական Կողմը Վստահ Է, Որ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին Հակառակորդը Դիտմամբ Հարուածեց

by MassisPost

Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ օդային հարուածները ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէն միտումնաւոր եղած են, հինգշաբթի երեկոյեան ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Երկու անգամ, ինչը միանշանակ ապացուցում է գործողութիւնների դիտաւորութիւնը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրթիռային հարուածներ են հասցրել Շուշի քաղաքի Ղազանչեցոց վանքին», – ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Ատրպէյճանի կողմէ հասցուած երկրորդ հարուածի հետեւանքով վիրաւորուած են Ռուսաստանի Դաշնութեան երկու լրագրողներ՝ Եուրի Քոթեոնոքը եւ Լեւոն Արզանովը, ինչպէս նաեւ անոնց ուղեկցող խումբի անդամ՝ Հրանդ Պալատեանը: Անոնցմէ մէկուն առողջական վիճակը ծայրայեղ ծանր է, իսկ երկուքինը՝ ծանր։ Լրագրողները Շուշիին մէջ կը լուսաբանէին եկեղեցիին հասցուած առաջին հարուածի հետեւանքները:

«Ատրպէյճանի կողմից խաղաղ բնակավայրերում իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալող լրագրողների թիրախաւորումը կրում է միտումնաւոր բնոյթ եւ նպատակ ունի խոչընդոտելու ատրպէյճանական բանակի պատերազմական յանցագործութիւնների փաստագրումն ու ներկայացումը միջազգային հանրութեան», – յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան։

Իրենց հերթին, յայտարարութեամբ հանդէս եկան Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանները։ Արցախի օմբուդսմեն մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արտակ Բեգլարեանը երեկոյեան այցելած է հիւանդանոց, ուր  վիրահատուած էր լրագրող՝ Եուրի Քոթեոնոքը։

Բեգլարեան դատապարտելով Ատրպէյճանին, լրագրողները եւ եկեղեցին թիրախաւորելը որակած է, որպէս պատերազմական ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ: Բեգլարեանի տուեալներով՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռակոծած են նաեւ Շուշիի մզկիթի շրջակայքը:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանն ալ պիտի դիմէ միջազգային կառոյցներուն եւ դեսպանութիւններուն։ Ըստ Արման Թաթոյեանին, Շուշիի Մայր տաճարին ուղղուած հրթիռային հարուածը եղած է տաճարին վնաս հասցնելու եւ նկուղը գտնուող երեխաները, կիներն ու տարեցները սպանելու մտադրութեամբ:

Պաշտամունքի վայրեր թիրախաւորելը պատերազմի յանցագործութիւն է, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանը, մինչդեռ, կը յայտարարէ, թէ Շուշիի եկեղեցին վնասելու մասին տեղեկութիւնները որեւէ ընդհանուր կապ չունին ատրպէյճանական բանակի ռազմական գործողութիւններուն հետ։ «Ատրպէյճանական բանակը չի թիրախաւորեր պատմական, մշակութային, յատկապէս կրօնական կառոյցներն ու յուշարձանները», – պնդած է այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ Սեպտեմբեր 27-ին վերսկսուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմէն զոհուած է 350 զինծառայող, վիրաւորներու յստակ թիւը չի հաղորդուիր։

Արծրուն Յովհաննիսեանի գնահատմամբ՝ վիրաւորուած զինուորներու 30 տոկոսը 24 ժամուայ ընթացքին կը վերադառնայ շարք. – «24 ժամուայ ընթացքում, ըստ էութեան, ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն՝ վերադառնում են շարք: Դա բաւականին լաւ ցուցանիշ ընդհարումների ժամանակ, եթէ մանաւանդ հաշուի առնենք, որ կողմերը հրետանային միջոցներ կիրառում են շատ խիտ, շատ-շատ խիտ՝ օրական տասնեակ հազարաւոր արկեր՝ հրանօթային կամ փոքր կամ միջին եւ մեծ տրամաչափի»:

Ընդհանուր առմամբ, Յովհաննիսեանի ներկայացմամբ, Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ զոհուած է 20 խաղաղ բնակիչ։

«Կայ 93 վիրաւոր, որից միայն 20-ը՝ թեթեւ կամ միջին ծանրութեան, միւսները՝ ծանր: Կայ 20 զոհուած՝ չհաշուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում մէկ զոհը: Հիմնովին կամ մասնակի աւերուել է 4 հազար 600 անշարժ գոյք, 430 մասնաւոր շարժական գոյք է շարքից դուրս եկել, 750 տարբեր տեսակի ենթակառուցուածքներ, հանրային եւ արտադրական կառոյցներ», – յայտարարեց Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Ատրպէյճանը չի հրապարակեր իր ռազմական կորուստները, կը յայտնէ միայն քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու եւ տուժածներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment