Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հրթիռակոծուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Հրթիռակոծուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին

by MassisPost

Արցախի տեղեկատուական շտապը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանը հարուածած է Շուշիի խորհրդանիշ՝ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ 90-ականներու պատերազմէն յետոյ վերակառուցուած էր։

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան գրառում կատարած է դիմատետրին մէջ․ – «Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին եւս թիրախ դարձաւ ահաբեկիչներու կողմէն: Վանտալիզմի այս դրսեւորումը դէմ է մարդկութեան եւ Աստծոյ օրէնքներին: Կը վերականգնենք»։

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 8-ին, Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Ատրպէյճանի դէմ ծաւալուած մարտերու ընթացքին զոհուած եւս 30 զինծառայողներու անուն մականունները։

Արդէն 12 օր շարունակուող ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմի զոհուած զինծառայողներու թիւը այսպիսով հասաւ 350-ի։

Ghazanchetsots-2

Ատրպէյճանը չի հրապարակեր ռազմական կորուստները, կը յայտնէ միայն քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու եւ տուժուածներու մասին:

«Ատրպէյճանն անընդհատ ձեռնարկում է յարձակման փորձեր, որոնք մատնուում են անյաջողութեան», – կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ – «Ժամը 14-ի սահմաններում Ատրպէյճանը հարաւային սահմանի երկու ուղղութիւններով գրոհ է ձեռնարկել, որը Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կասեցրել են, ատրպէյճանական զինուժին պատճառուել է կենդանի ուժի զգալի կորուստներ խոցուել է 9 միաւոր զրահամեքենայ»։

Հարաւային ուղղութեամբ Ատրպէյճանը յարձակումը սկսած է առտուընէ, սակայն, ինչպէս հայկական կողմը կը հաղորդէ, զոհեր տալով եւ զրահամեքենաներու կորուստով ճեպրայիլի մատոյցներէն փախուստի դիմած է ։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին, ոչնչացուած է Ատրպէյճանի չորս միաւոր Տ-30 -ի անձնակազմով եւ զինամթերքով, Պաշտպանութեան բանակը թոյլ չէ տուած անոնց կրակային դիրքեր գրաւել։

Ghazanchetsots-3

Արցախի պաշտպանութեան բանակը աւելի վաղ յայտնած էր, որ մարտերը այսօր վերսկսած են թէ՛ հարաւային եւ թէ՛ հիւսիսային ուղղութիւններով, գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը եղած է կայուն-լարուած, հակամարտութեան առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ եւ հրթիռահրետանային հարուածներ:

Պաշտօնական Պաքուն այսօր յայտնած է, որ հայկական կողմէն «Կրատ» եւ «Սմերչ» կը կիրառուի։ Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի, «Կրատ» կայանքներէն մէկը ատրպէյճանցիները կարողացած են հրթիռով խոցել։

Գիշերուայ ընթացքին հրթիռակոծուած է նաեւ Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment