Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 672-ով, բուժուածներունը՝ 178-ով, գրանցուած է մահուան 5 նոր դէպք

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 672-ով, բուժուածներունը՝ 178-ով, գրանցուած է մահուան 5 նոր դէպք

by MassisPost

COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 7 348 մարդ:

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 672-ով՝ հասնելով 53 755-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 5 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 7-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 178-ով եւ հասած 45110-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 2 878 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 312 823-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

 

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 995-ի, եւս 302 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 7348 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment