Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Amnesty International-ը Կը Հաստատէ, Որ Ստեփանակերտը Ռմբակոծուած Է Իսրայէլական Արտադրութեան Քասեթային Ռումբերով

Amnesty International-ը Կը Հաստատէ, Որ Ստեփանակերտը Ռմբակոծուած Է Իսրայէլական Արտադրութեան Քասեթային Ռումբերով

by MassisPost

Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ իր փորձագէտները Ստեփանակերտի մէջ հաստատած են, թէ Արցախի մայրաքաղաքը ռմբակոծուած է իսրայէլական արտադրութեան քասեթային ռումբերով։

Միջազգային իրաւունքով այդ ռումբերը արգիլուած են։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, որ քասեթային ռումբերու որեւէ կիրառում արգիլուած է, եւ զանոնք օգտագործելը բնակելի շրջաններու մէջ կրնայ աւելցնել զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը:

Amnesty International-ը նաեւ կը շեշտէ, որ թէեւ Ատրպէյճանը հաղորդած է իր մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի՝ Կյանճայի եւ այլ բնակավայրերու հրետակոծութեան մասին, եւ չնայած իրաւապաշտպան կազմակերպութեան փորձագէտները հաստատած են, որ 300 միլիմեթր տրամաչափի «Սմերչ» հրթիռային համակարգերը իսկապէս օգտագործուած են հայկական ուժերու կողմէ, Պաքուի ներկայացուցած լուսանկարը եւ տեսաերիզային ապացոյցները դեռեւս թոյլ չեն տար եզրակացութիւն ընելու որ յատուկ կը թիրախաւորէ, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ հրթիռային մարտագլխիկներուն մէջ կա՞յ արդեօք քասեթային զինամթերք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment