Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայկական Կողմը Դիրքային Որոշակի Յաջողութիւններ Ունի

Հայկական Կողմը Դիրքային Որոշակի Յաջողութիւններ Ունի

by MassisPost

Հայկական կողմը դիրքային որոշակի յաջողութիւններ ունի, կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան։ Դիմատետրի գրառման մէջ ան նշած է, որ իրավիճակը Արցախին մէջ կը շարունակուի կայուն-լարուած մնալ։ Պաշտպանութեան բանակը բոլոր ուղղութիւններով նոր կորուստներ կը պատճառէ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն, հաղորդած է Արցախի նախագահի խօսնակը։

Աւելի վաղ, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ գիշերը սահմանին վրայ համեմատաբար հանգիստ եղած է։

Արցախի պաշտպանութեան բանակը հրապարակեց զոհուած եւս 21 զինծառայողի անուն։ Մինչ այս պահը հայկական կողմը հաղորդած է 240 կորուստի մասին։ Ատրպէյճանական կողմը իր ռազմական կորուստներու մասին կը լռէ։

Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանն ալ դիմատետրին մէջ գրած էր, որ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ կեղծ տեղեկութիւններ տարածել, թէ իբր հայկական զինուած ուժերը կը հրետակոծեն Ատրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը։ Պաշտպանական գերատեսչութենէն կրկին կը հերքեն այդ լուրերը։ Ատրպէյճանը մինչդեռ կը պնդէր, թէ հայկական կողմը հրետակոծած է Պարտան, Կյանճան, Պէյլական եւ քանի մը այլ բնակավայրեր։

Հայկական կողմն ալ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Արցախի խաղաղ բնակչութեանն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար։ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր՝ Հոկտեմբեր 6-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսէ, որ ատրպէյճանական կողմը հրթիռա-ռմբային հարուածներ կը հասցնէ Արցախի շարք մը բնակավայրերու ուղղութեամբ, անոնց կարգին՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, Շուշիին, Մարտակերտին, Մարտունիին եւ Հատրութին։

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ժամեր առաջ գրած էր, որ Պաշտպանութեան բանակը իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը կատարած է փայլուն, եւ այս պահուն եւս յաջողութեամբ կը դիմագրաւէ Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները, պատճառելով անոր զրահամեքենաներու եւ կենդանի ուժի զգալի կորուստներ:

«Թերեւս դա է եղել պատճառը, որ Ատրպէյճանի ահաբեկչական բանակը միայն «Սմերչ» կայանքից աւելի քան հարիւր հրթիռ է արձակել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ուղղութեամբ, սակայն, բարեբախտաբար, մեծ կորուստներ չեն եղել», – նշած է Յարութիւնեան։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան ընդգծած է, որ կը բացառուի, որ դիմեն Ատրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորելու քայլին: Այս մասին  դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան:

«Քանի որ հրապարակումներիս տակ շատ են գրում, որ մենք էլ պէտք է թիրախաւորենք ատրպէյճանական խաղաղ բնակչութեանը, միանգամից ասեմ, որ բացառուած է նման քայլի դիմենք։ Մի պարզ պատճառով, որովհետեւ մենք թուրք չենք, բայց գիտենք ոնց կարելի է ջարդել նրանց ահաբեկչական բանակին։

Իսկ մեր կողմից այն հրթիռային հարուածները, որ հասցուում են խոշոր քաղաքներում տեղակայուած թշնամու ռազմական կառոյցներին, դեռ հրապարակման ենթակայ չեն։ Պատերազմից յետոյ, եթէ կ’ուզէք մի ամբողջ տեսաշար կը ցուցադրենք։ Ընդամէնը կարող եմ աւելացնել, որ դրանց հետեւանքով ոչ միայն վնասազերծուել են թշնամու պահեստային մեծաքանակ ուժեր, այլեւ արդէն 2 օր է դէպի Պաքու ձգուող մայրուղիներում մեծածաւալ խցանումներ են»,- գրած է Պօղոսեան։

Ստեփանակերտի ու այլ քաղաքներու Ատրպէյճանի թիրախաւորման հետեւանքով, շատ դէպքերուն շտապ օգնութեան ինքնաշարժները չեն կարողանար օգնութիւն հասցնել անոր կարիքը ունեցողներուն։ Այսօրուայ ասուլիսի ընթացքին, յայտարարեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան․ – «Ծանր եւ ծայրայեղ (ծանր) վիրաւորներ էլ ի հարկէ ունենք, որոնք կազմելով միգուցէ աւելի փոքր տոկոս ընդհանուր վիրաւորների թուի մէջ, ի հարկէ սակայն պահանջում են առաւել ուշադրութիւն, եւ հենց նրանց է ուղղուած բժշկական հաստատութիւնների եւ անձնակազմի ամենամեծ ուշադրութիւնը, որպէսզի նրանց կեանքին վտանգ չսպառնայ, եւ նրանք փրկուեն»։

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորում ստացած զինծառայողներու մեծ մասի վիճակը միջին եւ թեթեւ ծանրութեան է։

Թորոսեան ըսաւ, թէ շուտով թէժ գիծ կը գործէ եւ որմով հարազատները կրնան տեղեկանալ վիրաւորում ստացած իրենց զինծառայողներու առողջական վիճակի վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment