Flightradar24 ծրագիրի տուեալներուն համաձայն՝ Երեւան վայրէջք կատարած է Ил-96 «Ռոսիա» օդանաւը, որ կ’ենթարկուի Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի աշխատակազմին, կը յայտնէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը: Այդ օդանաւը կ’ապահովէ Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու «յատուկ ծառայութիւններու եւ Զինուած ուժերու միւս կարեւոր ներկայացուցիչներուն» թռիչքները։
Պաշտօնական որեւէ աղբիւր այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չի հաղորդեր, «Ազատութիւն»-ը կը փորձէ մանրամասնութիւններ պարզել Հայաստանի կառավարութենէն: