Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Արդէն 19 Խաղաղ Բնակիչ Զոհուած է եւ Վիրաւորուած՝ 80

Արցախի Մէջ Արդէն 19 Խաղաղ Բնակիչ Զոհուած է եւ Վիրաւորուած՝ 80

by MassisPost

Ատրպէյճանը առաւօտեան լայնածաւալ յարձակում սկսած է Արցախի հարաւային ուղղութեամբ, այսօր՝ Հոկտեմբեր 5-ի ասուլիսին յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան։ Իր խօսքով՝ գիշերը ռազմաճակատը համեմատաբար հանգիստ եղած է, որոշ հատուածներու մէջ փոխհրաձգութիւնները պահպանուած են, սակայն առաւօտեան ամէն ինչ, Յովհաննիսեանի ձեւակերպումով, սաստկացած է։

«Մեր զօրքերը յամառ մարտեր են մղում` յետ շպրտելով հակառակորդին», – ըսաւ Յովհաննիսեան:

Պաշտպանութեան բանակը ոչ միայն հարաւային ուղղութեամբ, այլեւ շփման գիծի ողջ երկայնքով կը շարունակէ իւրաքանչիւր սանթիմեթր հողի համար կենաց ու մահուան պայքար մղել, այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան: Ան տեղեկացուցած է, որ վաղ առաւօտեան գտնուած է առաջնագիծի հարաւային թեւը՝ Մեխակաւան` յայտնի որպէս Ճեպրայիլ։ Ի դէպ, պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, որ գրաւած է Ճեպրայիլը։

Աւելի ուշ Արցախի նախագահի խօսնակը յայտնեց, որ առաջնագիծի որոշ ուղղութիւններու մէջ մարտավարական նպատակով Պաշտպանութեան բանակը ետ  քաշած է զօրքերը, եւ շահարկումներու տեղիք չտալու համար, պարզաբանեց, թէ ինչու։ Որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը խուսափի աւելորդ զոհերէն եւ աւելի մեծ վնասներ հասցնէ հակառակորդի զօրքերուն։ «Երկու առումով ալ ձեռքբերումները զգալի են»,- գրած է Պօղոսեան։

Պաշտպանութեան բանակը այսօր, օրուայ երկրորդ կէսէն յետոյ հրապարակեց զոհուած եւս 21 զինծառայողի անուն։ Մինչ այժմ հայկական կողմը 219 կորուստի մասին  հաղորդած է։

Ատրպէյճանական կողմէն երէկուընէ տարածուող այն տեղեկութիւնները, թէ Հայաստանէն կը հրթիռակոծուին Ատրպէյճանի շարք մը բնակավայրեր, Երեւանէն պաշտօնական մակարդակով կրկին կը հերքեն։ Երէկ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձագանգած էր ոչ միայն հերքելով զանոնք, այլեւ յայտարարելով, թէ Ատրպէյճանը սադրանքի համար հող կը նախապատրաստէ։

Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական՝ Հիքմեթ Հաճիեւ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով պնդած է, թէ Գեանջայի վրայ արձակուած է 4-էն աւելի հրթիռ, Խըզը եւ Ապշերոն շրջանի վրայ՝ 300 քմ. հեռահարութեամբ 2 հրթիռ, Մինկեչաուրի ջրամբարի եւ ելեկտրակայանի ուղղութեամբ՝ 4 հրթիռ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն այսօր յայտարարեցին, թէ ատրպէյճանական կողմը ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ իր յանցաւոր քաղաքականութեան շարունակման եւ պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնման համար: Արտաքին գերատեսչութենէն կոշտ արձագանգած են, թէ ատրպէյճանական կողմի իւրաքանչիւր սադրանք կը ստանայ համարժէք պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ:

«Ապատեղեկատուական արշաւի նպատակն է կոծկել Ատրպէյճանի կողմից պատերազմի առաջին իսկ օրերից Լեռնային Ղարաբաղի խոշոր բնակավայրերի զանգուածային հրետակոծումը, որի հետեւանքով միայն այսօր արձանագրուել են բազմաթիւ զոհեր քաղաքացիական բնակչութեան շրջանում, եւ լուրջ վնաս է հասցուել քաղաքացիական կենսապահովման ենթակառուցուածքներին», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտօնական տուեալներով՝ Արցախի մէջ արդէն 19 քաղաքացիական անձ զոհուած է, վիրաւորուած է՝ 80-ը, վնասուած է մօտ 2700 գոյք ու ենթակառուցուածք։ Հայաստանի՝ Վարդենիսի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու թիրախաւորման հետեւանքով 2 քաղաքացիական անձ սպանուած է ։

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան այսօրուայ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւններուն, թէ ատրպէյճանական զինուած ուժերը Արցախի շարք մը շրջաններ գրաւած են. – «Դէ իրենք շատ բան են յայտարարում: Ես երէկ ցոյց տուեցի տեսանիւթով, թէ Մատաղիսից ինչպէս են փախչում իրենց զինուորները: Իսկ նախորդ օրը ամուսին ու կին ուզում էին գալ Մատաղիս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment