Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հրետակոծութիւններու Հետեւանքով Ստեփանակերտի եւ Շուշիի Մէջ Կան Զոհեր

Հրետակոծութիւններու Հետեւանքով Ստեփանակերտի եւ Շուշիի Մէջ Կան Զոհեր

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմի հրետակոծութիւններուն հետեւանքով Ստեփանակերտի եւ Շուշիի բնակչութեան մէջ  կան մարդկային կորուստներ, «Ազատութեանե հետ զրոյցի ընթացքին  յայտնած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

Զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը տակաւին յստակ չէ, քանի որ ըստ խօսնակի՝ փլատակներու տակ կան անձինք:

Միւս կողմէ, վերջին ժամերուն խոցուած է Ատրպէյճանի երեք ինքնաթիռ, երկու հրասայլ: Այս լուրը հաստատեց  Հայաստանի ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան իր կարգին աւելցուց, որ Արցախի հարաւային կողմը մարտերը կը շարունակուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment