Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ Տարածքէն Ատրպէյճանի Տարածքէն Հրթիռակոծութիւն Կամ Հրետակոծութիւն Չէ Իրականացուած, Յայտարարեց Դաւիթ Տօնոյեան

ՀՀ Տարածքէն Ատրպէյճանի Տարածքէն Հրթիռակոծութիւն Կամ Հրետակոծութիւն Չէ Իրականացուած, Յայտարարեց Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Ատրպէյճանի տարածք որեւէ հեռահար հրետակոծութիւն կամ հրթիռներու իրագործում չէ կատարուած տակաւին: Նախարար Տօնոյեան այսպիսով արձագանքած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցի այն մեղադրանքներուն, թէ Հայաստանի տարածքէն կատարուած են ատրպէյճանական բնակավայրերու հրթիռակոծումներ:

«Եթէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի կամ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար Ստեփանակերտը, Մարտունին, Հադրութը, Մարտակերտը, այլ բնակավայրերը թոյլատրելի մարտական գործողութիւնների անցկացման վայր են, մեր Պաշտպանական Բանակի, Արցախի զինուած ուժերի արհեստավարժ, հմուտ ստորաբաժանումները շատ կտրուկ պատասխանում են, եւ Ատրպէյճանի համար սարսափելի հետեւանքներ են լինելու», –  աւելցուցած է Դաւիթ Տօնոյեան:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի ՊՆ մէկ այլ յայտարարութեան, որ Հայաստանի գործողութիւններուն պատճառով պիտի ընդլայնուին մարտական գործողութիւններու գօտին, Տօնոյեանը շեշտած է. – «Ես կարծում եմ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարն իր խորը զինուորական գիտելիքներով երեւի թէ խառնել է մարտական գործողութիւնների ընդլայնման գօտին, որը ներառում է ՀՀ-ն, մասնաւորապէս արդէն իսկ Վարդենիսի շրջանի բնակավայրերը հրետակոծուել են` օգտագործելով ծանր հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Եւ եթէ դա իր համար դեռեւս մարտական գօտու ընդլայնում չէ, թող արդէն մասնագէտները դրա եզրակացութիւններն անեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment