Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մաքրոնը կը Յորդորէ ՆԱԹՕ-ի Գործընկերները Առերեսուիլ Թուրքիոյ Վարքագիծին

Մաքրոնը կը Յորդորէ ՆԱԹՕ-ի Գործընկերները Առերեսուիլ Թուրքիոյ Վարքագիծին

by MassisPost

Ֆրանսան կը մեղադրէ Թուրքիան սուրիացի զինեալներուն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու մէջ: Այս «լուրջ նոր փաստը» կը փոխէ իրավիճակը, ըսած է նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոն:

Թուրքիան, ինչպէս յայտնի է, կը հերքէ վարձկաններու մասնակցութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի ռազմական գործողութիւններուն:

«Այժմ մենք ունինք տեղեկատուութիւն, որ ցոյց կու տայ, որ ճիհատիստական խմբաւորումներու սուրիացի գրոհայինները անցած են Կազիանթեփ [քաղաք Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը, նախկին Այնթապ]՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի թատերաբեմ հասնելու համար», – Երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցող Եւրամիութեան գագաթնաժողովին հասնելուն պէս, լրագրողներուն ըսած է Մաքրոն: «Այս շատ լուրջ նոր փաստ է, որ կը փոխէ իրավիճակը», – ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 2-ին, Մաքրոն Թուրքիայէն պահանջած է բացատրել զինեալ գրոհայիններու ժամանումը Ատրպէյճան եւ յորդորած է ՆԱԹՕ-ն առերեսուիլ իր դաշնակիցի գործողութիւններուն, կը հաղորդէ France-Presse լրատուական գործակալութիւնը:

«Կարմիր գիծը հատուած է, ինչ որ անընդունելի է: Ես ՆԱԹՕ-ի բոլոր գործընկերները կը յորդորեմ առերեսուիլ ՆԱԹՕ-ի անդամի վարքագիծին», – յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment