Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը «Պատրաստ Է Աշխատիլ Հրադադարի Վերականգնման Ուղղութեամբ, Միաժամանակ Պիտի Հակադարձէ Արցախի Դէմ Յարձակումին»

Հայաստանը «Պատրաստ Է Աշխատիլ Հրադադարի Վերականգնման Ուղղութեամբ, Միաժամանակ Պիտի Հակադարձէ Արցախի Դէմ Յարձակումին»

by MassisPost

«Հայաստանը շարունակելու է վճռականօրէն հակադարձել Արցախի դէմ յարձակումին` միաժամանակ պատրաստ լինելով աշխատել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների հետ՝ 1994-1995 թուականների համաձայնագրերի վրայ հիմնուած հրադադարի ռեժիմի վերականգնման ուղղութեամբ», – կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ  Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։

Քաղաքական մեկնաբան՝ Յակոբ Պատալեան կ’ըսէ, որ պաշտօնական Երեւանի յղումը 94 -95 թուականներու համաձայնագրերուն շատ կարեւոր է։

«Որեւէ կասկած լինել չի կարող, որ Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է եղել բանակցութեան, պարզապէս այդ բանակցութիւնը պէտք է լինի հակամարտութեան բոլոր կողմերի միջեւ, եւ ինչը շատ կարեւոր է, այդ բանակցութիւնը պէտք է բացառի ուժի կիրառումը, առաւել եւս որպէս  սպառնացման միջոց»: նշեց քաղաքական մեկնաբանը:

Յակոբ Պատալեան կը կարծէ, որ կարեւոր է, որ Միջազգային հանրութիւնը արձանագրած է Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներ ուղարկելը Ղարաբաղ ու դատապարտել այդ երկրի միջամտութիւնը, սակայն առաւել կարեւորը այս գործընթացքին, ըստ քաղաքական մեկնաբանին, այն է, որ հայկական բանակի գործողութիւններու արդիւնքը կը կանխորոշէ քաղաքական գործընթացներու արդիւնաւէտութիւնը։

Ըստ Պատալեանի «Թուրքիան ամենեւին Արցախի հարցի լուծում չէ, որ փորձում է իրականացնել եւ օժանդակել Ատրպէյճանին: Թուրքիան լուծում է իր հարցը, եւ դա Կովկասի հարցն է: Կովկասն իր համար ահաբեկչական օջախի վերածելը եւ յետոյ այդ օջախը կողմնացոյցի 4 ուղղութեամբ ըստ անհրաժեշտութեան եւ հնարաւորութեան աշխարհին պարտադրելն է: Այդ իմաստով այսօր մեր զինուժը լուծում է ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարց, այլ միջազգային անվտանգութեան համակարգի հարց, բառի բուն իմաստով», – ըսաւ Պատալեան:

Իսկ միջազգային հանրութիւնը ամբողջովին կը գիտակցի՞ խնդրի լրջութիւնը եւ Թուրքիոյ հեռակայ նպատակները, եւ արդեօք յայտարարութիւնները կը համապատասխանե՞ն իրավիճակին, Յակոբ Պատալեան կը կարծէ, որ միջազգային ուժային կեդրոնները կը գիտակցին, սակայն ունին նաեւ այլ քաղաքական շահեր, որոնք թոյլ չեն տար ձեւաւորել մէկ ընդհանուր ռազմավարութիւն Թուրքիոյ դէմ։

«Միեւնոյն ժամանակ կարծում եմ, որ միջազգային հանրութեան արձագանգը այդուհանդերձ որոշակիօրէն բաւական ուժեղ  է եւ բաւականին շահեկան նաեւ մեզ համար առնուազն այն իմաստով, որ ճանաչեցին, որ Թուրքիան ահաբեկիչներ է բերում Հայաստանի դէմ: Ի հարկէ, այս ճանաչումը չի կարող բաւարարել Հայաստանին ամբողջութեամբ, եւ ինչպէս մեր բանակն է իրենց համար նաեւ անվտանգութեան էական հարց լուծող, ակնկալում ենք, որ նաեւ միջազգային հանրութիւնը կ’անցնի էական հարցեր լուծելու՝ Թուրքիային զսպելու առումով, իսկ դրա հնարաւորութիւնը ունեն: Ես կարծում եմ՝ ունեն նաեւ գիտակցումը, որ հակառակ պարագայում Թուրքիան շատ աւելի լուրջ խնդիրներ է առաջացնելու նաեւ իրենց համար», – նշեց Պատալեան:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ այս կարո՞ղ է, օրինակ, յանգեցնել ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ դերակատարման վերանայման, քաղաքական մեկնաբանը պատասխանեց. «Արագ հեռանկարում մենք դժուար թէ պատկերացնենք, որ ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութեան էական վերափոխումներ կը լինեն, բայց յատկանշական է, որ Ֆրանսայի նախագահը կոչ արեց ՆԱԹՕ-ի երկրներին վերաբերմունք արտայայտել իրենց դաշնակից համարուող պետութեան ահաբեկչական քաղաքականութեան հանդէպ, նշելով, որ Թուրքիան այդպիսով անցել է կարմիր գիծը: Կարծում եմ՝ սրանք կարեւոր քաղաքական արձանագրումներ են, ամբողջ հարցն այն է, թէ սրա գործնական քաղաքականութեան հետագայ ծաւալման շրջանակում ինչպիսի զարգացում կ’ունենան: Այս տեսանկիւնէն բնական է, որ առկայ իրավիճակը կարող է դրական լինել արձանագրումների տեսանկիւնից, բայց ոչ գոհացուցիչ որպէս ամբողջական արձագանգ», – ընդգծեց քաղաքական մեկնաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment