Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կոչ. Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Կը Մեկնի Առաջնագիծ

Կոչ. Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Կը Մեկնի Առաջնագիծ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Հայոց փառքի ու պարծանքի արժանի բանակի զօրավարնե՛ր, սպանե՛ր, սերժանթնե՛ր, զինուորնե՛ր,
Զինակից ընկերնե՛ր,
Նուիրեալ կամաւորնե՛ր,

Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով տարբեր աշխոյժութեամբ կ’ընթանան ծանր մարտեր:

Հրետակոծութեան ենթարկուած են քաղաքացիական բնակավայրերը, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Ազգն ու Հայրենիքը վտանգուած են. վտանգուած է մեր քաջ հայորդիներու արեան գնով ազատագրուած սեփական հողի վրայ ազատ, անկախ ու արժանապատիւ կերպով ապրելու եւ արարելու իրաւունքը:Ուստի, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն հետ այժմ կը մեկնիմ առաջնագիծ՝ իմ բաժին մարտը մղելու, քանզի ես արդէն առաջնագիծին աւելի արժէքաւոր կ’ըլլամ, քան՝ թիկունքին:

Կոչ կ’ընեմ բոլորիդ՝ անյապաղ ոտքի կանգնելու եւ անմնացորդ նուիրումով պաշտպանելու սեփական հայրենիքի մէջ առանց գոյաբանական վտանգի ապրելու մեր անքակտելի իրաւունքը:

Սա հայրենական սուրբ պատերազմ է, որ մենք պէտք է յաղթենք իւրաքանչիւրի առաւելագոյն մասնակցութեամբ ու նուիրումով։

Ես կը հաւատամ ձեր ոգիի արիութեան եւ բազուկի ուժին:

Ըլլա՛նք արժանի մեր Մեծ նախնիներուն, բոլոր անոնց, որոնք դարեր առաջ, Սարդարապատի մէջ, Մեծ հայրենականին, Արցախեան ազատամարտին, 2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմին, 2020 թուականի Յուլիսեան մարտերուն իրենց կեանքը զոհաբերած են, որպէսզի մեր մայրերու, քոյրերու, զաւակներու իւրաքանչիւր առաւօտ խաղաղութեամբ բացուի, որպէսզի անոնց իւրաքանչիւր ժպիտ արժանապատւութեամբ ու հպարտութեամբ լեցուի:

Ըլլա՛նք պատասխանատու մեր ներկայ ու գալիք սերունդներուն առջեւ, որպէսզի թոյլ չտանք դարաւոր թշնամիին կրկին ցեղասպանել մեզ եւ եաթաղան ճոճել մեր գոյութեան ու արժանապատւութեան գլխուն, որպեսզի հնարաւորութիւն ու իրաւունք ընձեռենք մեր գալիք սերունդներուն ըլլալու եւ արարելու յաւէտ սեփական հողի վրայ ու սեփական արժէքներով:

Մենք բազում յաղթանակներ տարած ենք եւ ստեղծած ենք կազմակերպուած ու մարտունակ, տարածաշրջանին մէջ հզօր ու յաղթանակած բանակ: Հայոց բանակը այսօր ազգային միասնականութեան եւ համախմբման կենդանի մարմնացումն ու առանցքն է:

Այժմ կրկին ժամն է ազգովի դառնալու մէկ կուռ ու հուժկու բանակ, մէկ ոգեղէն հայրենական պարիսպ, որուն կը բախուին բոլոր օտար մրրիկներն ու ետ կը շպրտուին գլխակորոյս կերպով:

Վստահ եմ, որ դուք ալ կը կիսէք իմ մտահոգութիւններն ու համոզմունքները, որ դուք ալ կը դաւանէք այն համազգային ու համամարդկային արժեքները, հանուն որոնց պետք է կանգնենք անկոտրում ու անվարան կերպով։

Սա մեր վերջին մարտն է, որըմենք անպայման միասին պիտի յաղթենք:

Ձեզի հետ եմ մինչեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿ:

Ի զէ՛ն:

Պատիւ ունինք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment