Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսաստանը Կողմերուն Կոչ Կ’ընեն Անյապաղ Դադրեցնելու Կրակը Եւ Բանակցելու

Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսաստանը Կողմերուն Կոչ Կ’ընեն Անյապաղ Դադրեցնելու Կրակը Եւ Բանակցելու

by MassisPost

Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան հակամարտող կողմերուն կոչ կ’ընեն դադրեցնելու կրակը եւ վերսկսելու ղարաբաղեան բանակցութիւնները:

Այս մասին երեք երկիրներու նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութին, Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանուէլ Մաքրոն ըսած են հրապարակած համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Մենք կոչ կ’ընենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն անյապաղ եւ բարեխղճօրէն կատարելու ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ առանց նախապայմաններ ներկայացնելու վերսկսելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանաւորութեամբ»,- կ’ըսուի Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք համանախագահող երկիրներու ղեկավարները նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած են ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment