Այս արդէն պարզապէս Ղարաբաղի հարց չէ, այս միայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարց չէ, ֆէյսպուքեան իր գրառման մէջ նշած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան հետեւեալ հարցը ուղղած է, ինչո՞ւ Թուրքիան 100 տարի անց վերադարձած է Հարաւային Կովկաս, ապա պատասխանած, «Շարունակելու հայոց ցեղասպանութիւնը»:
«Բայց ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Թուրքիայի համար միայն հայատեացութիւնը իրացնելու միջոց չէ, այլեւ պրագմատիկ խնդիր: Հայաստանն ու Հարաւային Կովկասի հայութիւնը վերջին խոչընդոտն են թուրքական ընդլայնման դէպի հիւսիս, դէպի հարաւ-արեւելք եւ դէպի արեւելք շարունակելու եւ կայսերական երազանքը կեանքի կոչելու համար:
Սա արդէն պարզապէս Ղարաբաղի հարց չէ, սա միայն հայ ժողովրդի անվտանգութեան հարց չէ: Սա այլեւս միջազգային անվտանգութեան հարց է, եւ հայ ժողովուրդը պաշտպանում է նաեւ միջազգային անվտանգութիւնը` ստանձնելով թերեւս մի նորագոյն պատմական առաքելութիւն», – աւելցուցած է վարչապետ Փաշինեան: