Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայկական Կողմը Կը Հաղորդէ Հակառակորդի Օդուժի 3 Ինքնաթիռ, 2 Ուղղաթիռ Եւ 6 Անօդաչու Խոցելու Մասին

Հայկական Կողմը Կը Հաղորդէ Հակառակորդի Օդուժի 3 Ինքնաթիռ, 2 Ուղղաթիռ Եւ 6 Անօդաչու Խոցելու Մասին

by MassisPost

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողները այսօր՝ Հոկտեմբեր 1-ին արդէն խոցած են հակառակորդի 3 ինքնաթիռ եւ 2 ուղղաթիռ, Ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Շուշան Ստեփանեանը՝ վկայակոչելով Պաշտպանութեան Բանակին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ` Արծրուն Յովհաննիսեանը, իր հերթին, կը յայտնէ, որ հայկական կողմը այսօր խոցած է նաեւ ատրպէյճանական զինուժի 6 անօդաչու թռչող սարք:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն՝ խոցուած ուղղաթիռներէն մէկը ինկած է Իրան, իսկ միւսը՝ Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տարածք: Խոցուած օդանաւերու «ուղղութիւնները կը ճշդուին»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանը Արցախի դէմ յարձակողական գործողութիւններու օդային ղեկավարումը յանձնած է Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն:

Յիշեցնենք նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը իր ռազմական կորուստները չի բացայայտեր, միայն կը հաղորդէ 27 սեպտեմբերին պատերազմական գործողութիւնները սկսելէն ետք տուժած քաղաքացիական անձերու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment