Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մարտունի Քաղաքի Ռմբակոծութեան Ժամանակ Չորս Լրագրող Վիրաւորուած Է

Արցախի Մարտունի Քաղաքի Ռմբակոծութեան Ժամանակ Չորս Լրագրող Վիրաւորուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանական ռմբակոծութեան հետեւանքով այսօր՝ Հոկտեմբեր 1-ին, վիրաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքի մէջ աշխատող չորս լրագրողներ: Հայաստանի կառավարութեան Տեղեկատուական միասնական կեդրոնի հաղորդումով՝ վիրաւորուածներուն կարգին են Le Monde-ի 2 լրագրողներ: Նախնական տուեալներով, անոնք Ֆրանսայի քաղաքացիներ են եւ արդէն տեղափոխուած են Մարտունիի հիւանդանոց:

Վիրաւորում ստացած է նաեւ տեղական «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան աշխատակից՝ Արամ Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ 24News կայքի լրագրող՝ Սեւակ Վարդումեանը:

hatrut-martuni-3

Վերջինս «Ազատութիւն»ին փոխանցեց, որ այժմ բուժօգնութիւն կը ստանայ Ստեփանակերտի հիւանդանոցը, եւ իր կեանքին վտանգ չի սպառնար. – «Մարտունի քաղաքում լրագրողական պարտականութիւնները, մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալելու ժամանակ գտնուում էինք այդ պահին Մարտունի քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքի տարածքում: Շատ անակնկալ ձեւով ձայներ լսեցինք… յիշում եմ, որ մի սենեակում մի սեղան գտայ, թաքնուեցի դրա տակ: Այդ ձայները մի քանի հատ եմ լսել: Յետոյ շէնքից դուրս եկանք, վառուող ինքնաշարժ եմ տեսել: Մեզ հետ ուրիշ վիրաւոր էլ կար, նրան տեղափոխել ենք Մարտունու Բժշկական Կեդրոն, յետոյ էնտեղից անմիջապէս տեղափոխուեց Ստեփանակերտի ԲԿ: Բարեբախտաբար լուրջ վնասուածք չկայ»:

Վարդումեան ըսաւ, որ միւս վիրաւորուած լրագրողը արտասահմանէն էր: Աւելցուց, որ վիրաւորուած էին շատ քաղաքացիական անձեր:

Ինչ կը վերաբերի սահմանին տիրող իրավիճակին, չնայած ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն յետոյ առաջին անգամ ըլլալով անցեալ գիշերը առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով հիմնականօրէն յարաբերական անդորր եղած է, սակայն այսօր առտուընէ կրկին մարտերը թէժացած են։ Ինչպէս աւելի ուշ տեղեկացուց Պաշտպանութեան բանակը, հայկական կողմը այսօր արդէն խոցած է հակառակորդի 3 ինքնաթիռ եւ 2 ուղղաթիռ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան. – «Ինչպէս արդէն հաղորդեց Պաշտպանութեան բանակը, ընդհանուր առմամբ գիշերը թէժ մարտեր չեն եղել, եղել են որոշակի փոքր մարտական գործողութիւններ նոյն հատուածներում, հակառակորդը կատարել է որոշակի վերախմբաւորման գործընթաց: Սակայն առաւօտեան, լուսաբացից յետոյ որոշակիօրէն թէժացել են մարտերը: Րոպէներ առաջ Պաշտպանութեան բանակը յայտնեց, որ խոցել ենք եւս մէկ ուղղաթիռ, որը ընկել է Պարսկաստանի տարածք»:

hatrut-martuni-1

Ի դէպ, այսօր կէսօրուայ մօտ Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրեց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական կայքէջով շուտով լաւ լուր պիտի հաղորդեն։ Րոպէներ ետք, ճեպազրոյցի ընթացքին, Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը տեղեկացուց, որ ամենայն հաւանականութեամբ, լաւ լուրը Լելէ Թեփէի հատուածին մէջ ատրպէյճանական ուղղաթիռի խոցման կը վերաբերի:

Արծրուն Յովհաննիսեան. – «Ուղղաթիռը ընկել է Պարսկաստանի տարածք, ինչի կապակցութեամբ Պաշտպանութեան բանակը ներողութիւն է խնդրել Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնից, որ ուղղակի զուտ սահմանի երկայնքով տեղի ունեցող մարտական գործողութիւնները յաճախ անխուսափելի են դարձնում էդ ընթացքները»:

«Ազատութիւն»ի դիտարկման, որ երէկուընէ համացանցով տարբեր չճշդուած տեղեկութիւններ կը պտտէին մեր կողմէն նոր բնակավայրերու եւ տարածքներու գրաւման հետ կապուած, ու հարցին, թէ արդեօք կան այդպիսի տեղեկութիւններ, Յովհաննիսեան արձագանգեց. – «Ես ոչինչ չեմ բացառում: Մեր Զինուած ուժերը, լիովին մարտունակ լինելով, միշտ չէ, որ վարում են միայն պաշտպանական մարտեր, եւ տարօրինակ կը լինէր, որ վարէին միայն պաշտպանական մարտեր»:

Ֆրանսան Օդանաւ Կուղարկէ Ղարաբաղի Մէջ Վիրաւորուած Լրագրողներուն Դուրս Հանելու Համար

Ֆրանսան ամէն ինչ կ’ընէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի բանակի կատարած ռմբահարման հետեւանքով վիրաւորուած լրագրողներուն հնարաւորինս արագ տուն վերադարձնելու համար:

Այդ մասին ըսած է Պրիւքսէլ ժամանած Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոն, որ Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական միութեան արտահերթ գագաթնաժողովին:

ԵՄ գագաթնաժողովին կը քննարկուին շարք մը միջազգային թեմաներ, անոնց կարգին` իրավիճակը Պելառուսիոյ եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Բժշկական օդանաւը պատրաստ է մեկնելու լրագրողներուն դուրս հանելու համար»,- յայտնած է Մաքրոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment