Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիան Պատճառ կը Փնտռէ, Որ իր Զօրքը Նախիջեւան Մտցնէ. Փաշինեանի Հարցազրոյցը Ռուսիա 1–ին

Թուրքիան Պատճառ կը Փնտռէ, Որ իր Զօրքը Նախիջեւան Մտցնէ. Փաշինեանի Հարցազրոյցը Ռուսիա 1–ին

by MassisPost

Թուրքիան պատճառ կը փնտռէ, որ իր զօրքերը Նախիջեւան տանի։ Ռուսիա 1 հեռատեսիլային կայանի «60 րոպէ» հաղորդման ծիրէն ներս նման յայտարարութիւն ըրաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Այս մարտական գործողութիւնների մէջ կարեւոր նրբութիւն կայ` Թուրքիան ներգրաւուած է այդ գործընթացքում, եւ անգամ կան մասեր, որտեղ մարտական գործողութիւններն է ղեկավարում։ Մենք տեղեկութիւններ ունենք, որ Նախիջեւանում արդէն իսկ թրքական բանակի մի քանի ստորաբաժանումներ կան։ Բացի այդ, մինչ այդ արդէն իսկ համատեղ զօրավարժութիւններ էին անում Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Այս պատերազմը սկսուեց որպէս այդ զօրավարաժութիւնների շարունակութիւն»,–ըսաւ Փաշինեան։

Փաշինեան նշեց նաեւ, որ արդէն իսկ կան լուրեր, որ թուրքերը Սուրիայէն վարձկաններ կը բերէ, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ մարտական գործողութիւններուն կը մասնակցին։ ՀՀ վարչապետը ըսաւ, որ այս մասին կը փաստեն լուրերը, ըստ որոնց` արդէն իսկ բախումներ եղած են Ատրպէյճանի բնակիչներուն ու վարձկաններուն միջեւ. վարձկանները կը մտնեն խանութներ ու կը պահանջեն, որ, օրինակ, դադրին ոգելից խմիչք վաճառելէ։

«Ակնյայտ է, որ եւ՛ Հայաստանը, եւ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը Թուրքիոյ անմիջական վտանգին տակ են։

Յիշեցնենք` Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսած է արցախա–ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով։

Վերջին տեղեկութիւններով` հակառակորդի կրակոցներու հետեւանքով զոհուած են 80 զինծառայողներ եւ 3 քաղաքացիական անձեր։ Հայկական կողմը շուրջ 200 վիրաւոր ունի։

Ըստ այս պահուն յայտնի տեղեկութիւններուն` Ատրպէյճանը զրկուած է նաեւ 52 ԱԹՍ–է, 6 ուղղաթիռէ, 92 զրահամեքենայէ, 1 ինքնաթիռէ եւ 82 ինքնաշարժներէ։ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք յայտարարուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment