Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Ռազմական Ինքնաթիռի Ռմբակոծութենէն Մարտակերտի Մէջ Երեք Խաղաղ Բնակիչ Զոհուած է

Ատրպէյճանական Ռազմական Ինքնաթիռի Ռմբակոծութենէն Մարտակերտի Մէջ Երեք Խաղաղ Բնակիչ Զոհուած է

by MassisPost

Ատրպէյճանի ռազմական ինքնաթիռը ռմբակոծած է Մարտակերտ քաղաքը, որու հետեւանքով երեք խաղաղ բնակիչ զոհվուած է, կան նաեւ վիրաւորներ։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեանը՝ շեշտելով․ – «Պաշտօնական Պաքուն բացայայտ կերպով գրոհում է խաղաղ բնակչութեան դէմ՝ ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերը»: Մարտերու սկիզբէն արդէն 8 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, որոնցմէ մէկը Վարդենիսի մէջ։

Ատրպէյճանը, որ օրեր շարունակ ոչինչ կը հաղորդէ իր զինուորական կուրուստներու մասին, մինչեւ այս պահը յայտարարած է 12 քաղաքացիական զոհի մասին։

Պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ օրուայ ընթացքին  ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով շարունակուած են մարտական գործողութիւնները:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան. – «Յստակ պէտք է հաստատենք, որ կիրառուում են բազում միջոցներ, այդ թուում հեռահար, ճշգրիտ միջոցներ. ԱԹՍ-ներ, մեծ քանակութեան հրետանի»:

Ինչ կը վերաբերի հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ապա Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով, ի տարբերութիւն երէկուայ, այսօր Հայաստանի սահմանին վրայ աշխոյժ մարտական գործողութիւններ չեն ընթացած. – «Եղել են առանձին դրուագներ` հետախուզական, ուսումնասիրման եւ այլն, բայց յստակ մարտական գործողութիւններ չեն ընթացել: Գործողութիւնները շարունակուել են Պաշտպանութեան բանակի հիմնական ուղղութիւններով»:

Օրուայ վերջը արդէն Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Արցախի դէմ օդային հարուածները կը ղեկավարէ Թուրքիան:

«Այսօր ժամը 10:00-ից սկսած Թուրքիայի օդուժի՝ երկու F-16 կործանիչները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանական օդուժի ՍՈՒ-25 տիպի գրոհիչները, «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ը մեծ բարձրութիւնների վրայ հարուածներ են հասցրել Արցախի Հատրութի եւ Մարտունու շրջանների բնակավայրերին: Հարուածները կառավարուում են Էրզրում – Կարս հատուածից», – յայտարարած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ խոստանալով առաջիկային ներկայացնել առարկայական հսկման նիւթերը։

martuni-2

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչներու մարտերուն մասնակցութեան մասին յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ուր խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները եւ պահանջած է թրքական զինուժի եւ օդուժի անյապաղ դուրս ելլելը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է նաեւ երէկ, թրքական կործանիչի հարուածէն զոհուած ՍՈւ-25 գրոհիչի օդաչուի անունը՝ Հայաստանի զինուած ուժերու օդաչու, մայոր զօրավար Վալերի Տանելին։

Այսպիսով, վերջին տուեալներով հայկական կողմը ունի 77 զոհուած զինծառայող։ Թիւը նուազած է 4-ով, քանի որ Պաշտպանութեան բանակը մինչ այդ յայտարարած զոհուածենրու ցուցակէն 4 անուն հեռացուցած է։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Թրքական օդուժը Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած է Օգոստոսի սկիզբը, թուրք-ատրպէյճանական լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն ժամանակ եւ մինչ օրս դուրս չէ ելած Ատրպէյճանի տարածքէն։

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կտրականապէս կը հերքեն F-16-ի մասին յայտարարութիւնները: Պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէ, թէ «Թուրքիան Հայաստանի ինքնաթիռ չէ խոցած», իսկ Ատրպէյճանը կը պնդէ, թէ «ատրպէյճանական կողմը F-16 տիպի կործանիչներ չունի եւ մարտերու ընթացքին զանոնք չի կիրառեր»:

Արծրուն Յովհաննիսեանը այսօր յայտարարեց, որ ատրպէյճանական զինուժի տրամադրութեան տակ գտնուող որեւէ միջոց չէր կրնար խոցել հայկական Սու-ն, բացի F-16-էն, իսկ այդ բազմապաշտօն կործանիչներէն Ատրպէյճանի զինուժը չունի, փոխարէնը նման կործանիչներ ունի Թուրքիան. – «Թուրքիայի օդուժից բերուել էին նաեւ այլ սարքեր: Օրինակ, «Պայրաքթար» եւ այլ տեսակի ԱԹՍ-ները, որոնք համադրելի չեն ՄիԳ-29-ի կամ Սու-25-ի հետ, այսինքն` օփերաթիւ իրավիճակի կառավարման տեսանկիւնից չէին կարող օգտագործել: Եւ հետեւաբար պէտք էր F-16-ը, որպէսզի կարողանայ էս համադրումը իրականացնել: Աւելին ասեմ. մենք շատ լաւ հասկանում ենք, էդքան փորձ ունենք, որ F-16-ը օդում է, աշխատում է, «Պայրաքթարին» է օգնում, զուգահեռ սահմանի միւս կողմից ռատիոճարտարագիտութեամբ կապի եւ կառավարման ինքնաթիռ է թռչում թուրքական…, համարներով գիտենք, շատ լաւ գիտենք էդ ամէն ինչը: Եւ ինչպէս են փոխհամագործակցուած աշխատում իրար հետ: Էական չի F-16-ը ֆիզիքապէս գտնուո՞ւմ է Վարդենիսի գլխավերեւում, թէ՞ չի գտնուում Վարդենիսի գլխավերեւում: Այլ գտնուում է, օրինակ, Կեանճայի գլխավերեւում: Բայց ինքը տարածաշրջանին հրթիռային հարուած է հասցնում, դա իր խախտումն է… Իսկ ապացոյցները, այո, մենք հաւաքել ենք, ապացոյցները մենք ունենք: Տեղին ու ժամանակին մենք էդ անակնկալները կը ներկայացնենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment