Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անկախ Գնահատականները Ատրպէյճանի Ռազմական Պատրաստուածութիւնը Թոյլ կը Համարեն. Foreign Policy-Ի Անդրադարձը

Անկախ Գնահատականները Ատրպէյճանի Ռազմական Պատրաստուածութիւնը Թոյլ կը Համարեն. Foreign Policy-Ի Անդրադարձը

by MassisPost

Ամերիկեան Foreign Policy ամսագրի փոխխմբագիր՝ Ճեյմս Փալմըրը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի բախումներուն եւ փորձած պատասխանել քանի մը հարցադրումներու։

Հեղինակը կարճ անդրադարձ կատարած է հակամարտութեան նախապատմութեան եւ նշած, որ սկզբնական նահանջէն յետոյ Հայաստանը իր վերահսկողութեան տակ  կը վերցնէ իրավիճակը, որուն կը յաջորդէ 1994 թուականի զինադադարը, որու հետեւանքով հայկական վերահսկողութեան տակ կ’անցնի Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը։

Հեղինակը նշած է, որ այս 2020 է եւ ամէն ինչ ահաւոր է, բայց այստեղ կան աւելի ճշգրիտ ու յստակ պատճառներ։ Ամրան արիւնալի փոխհրաձգութիւններէն յետոյ, ուր իւրաքանչիւր կողմ կը մեղադրէր միւսին զայն սկսելու համար, քաղաքական գործիչները սկսան իրավիճակը իրենց շահերուն ծառայեցնել, յատկապէս ճնշուածութեան եւ տնտեսական անկման պայմաններուն՝ պայմանաւորուած «Քորոնա» ժահրի համավարակով։

Բախումները դեռ նոր սկսած են, բայց դժուար է տեսնել Լեռնային Ղարաբաղը ետ բերելու` Ատրպէյճանի կողմէ նախօրօք հռչակուած յաղթանակը։ Նախնական փոխհրաձգութիւնները երկու կողմերուն ալ պատճառած են մարդկային կեանքեր, բայց նաեւ, եթէ հաւատանք Հայաստանի կողմէ հրապարակուած մարտական պատկերին, ատրպէյճանական կողմը շատ աւելի նիւթական կորուստներ ունեցած է, քան հայկականը։ Հայաստանը կը բռնէ բարձունքները՝ դժուարացնելով ատրպէյճանական առաջխաղացումը բարդ լեռնային տարածքին մէջ։ Անկախ գնահատականները Ատրպէյճանի ռազմական պատրաստուածութիւնը դեռեւս թոյլ կը համարեն․ բանակը քորումփացուած եւ անարդիւնաւէտ է՝ մօտաւոր 20% դասալքութեան մակարդակով։ Նաւթի շահոյթը հնարաւորութիւն տուած է հսկայական ներդրումներ կատարելու նոր սարքաւորումներուն 2008-2014 թուականներու ընթացքին։ Սակայն գիներու անկումը առաջացուցած է ֆինանսական խնդիրներ քաղաքական յուզումներու եւ կոշտ ճնշումներու ֆոնին։ Բանակն ալ վերապատրաստման կարիք ունի, որպէսզի կարողանայ արդիւնաւէտօրէն օգտագործել ձեռք բերուած զրահամեքենաները։

Ատրպէյճանի անսպասելի շարժը կարող է նաեւ յանգեցնել Մոսկուայի ուղիղ միջամտութեան, ամենայն հաւանականութեամբ ստիպելով կողմերուն անմիջապէս զինադադարի։ Եւ Ռուսաստանը, եւ Իրանը առաջարկած են բանակցութիւններ վարել ռազմական գործողութիւններու այս նոր փուլը դադրեցնելու համար։ Նաեւ անհանգստացնող հաւանականութիւն կայ, որ բախումը կը տարածուի։ Թուրքիան, օրինակ, մեծապէս հանդէս եկած է Պաքուի օգտին, ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու ուժեղ կապի եւ հայերու հանդէպ Անգարայի երկարատեւ թշնամանքի շնորհիւ։ Կրօնական գործօնը այս բախումին մէջ շատ թոյլ է՝ ի տարբերութիւն ազգային գործօնին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երբեք չէ դարձած, այնպէս, ինչպէս եղաւ Չեչենիոյ պարագային։ Մօտ 2000 նախկին  սհսբեկիչ-զինեսլներ կռուած են Ատրպէյճանի համար, սակայն մեծամասնութեամբ գումարի դիմաց։
Վերջաւորութեան հեղինակը նշած է, որ ամենահաւանական հեռանկարը կ’ըլլայ ցաւալի, համեմատաբար փոքր պատերազմը, որուն կը հետեւի մէկ այլ չլուծուած խաղաղութիւն։ Համաձայն մինչ այժմ յայտնի զոհերու ցանկին, շատերը նոյնիսկ ծնած չէին, երբ հակամարտութիւնը առաջին անգամ սկսած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment