Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հայաստանի Մէջ կը Շարունակուի Աճիլ

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հայաստանի Մէջ կը Շարունակուի Աճիլ

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին դէպքերու թիւը աւելցած է 392-ով, դրական եղած է կատարուած մօտ 3800 հետազօտութիւններու աւելի քան 10 տոկոսը։

Գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 2 դէպք, հիւանդները եղած են 73 եւ 84 տարեկան տղամարդիկ: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Անցեալ մէկ օրուայ մէջ բուժուած է 135 մարդ։

Սեպտեմբեր 24-ին, առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան նշեց, որ COVID-ի թիւերու աճը դեռեւս չէ պայմանաւորուած դպրոցներով, որովհետեւ անոնք բացուած են 10 օր առաջ: Բայց եթէ մօտակայ մէկ շաբթուայ մէջ թիւերու կտրուկ աճ տեղի ունենայ, ապա այդ հանգամանքը կը պայմանաւորեն ուսումնական հաստատութիւններու բացումով։

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի համաճարակաբանութեան բաժնի պետ՝ Լուսինէ Պարոնեան նշեց, որ անցեալ 2 շաբթուայ ընթացքին, 6-17 տարեկաններու մէջ վարակուածներու թիւի աճ չեն արձանագրած, թէեւ դեռեւս վաղ է հետեւութիւններ ընել։ Ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներուն, ապա 48 հազարէն մօտ 25 հազարը արդէն հետազօտուած է, 300 -ին մօտ վարակը արձանագրուած է, ընդորում, գրեթէ բոլորը եղած են առանց ախտանիշներու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment