Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա կը Փորձէ Զրկել Կարօ Փայլանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւնէն

Թուրքիա կը Փորձէ Զրկել Կարօ Փայլանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւնէն

by MassisPost

Անգարայի գլխաւոր դատախազը 25 Սեպտեմբերին յայտնած է, որ քրտամէտ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան» 7 պատգամաւորներ անձեռնմխելիութենէն զրկելու գործընթաց սկսած է, այս պատգամաւորները 2014-ին Քոպանիի իրադարձութիւններու ժամանակ եղած են ԺԴ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ։  Ցանկին մէջ ընդգրկուած են պատգամաւորներ՝ Կարօ Փայլանը,  Սարուհան Օլուչը, Մերալ Տանիշ Պեշթաշը, Յուտա Քայան, Սեզայ Թեմելլին եւ Սերփիլ Քեմալպայը։

Կարօ Փայլանի խօսքով` եկող շաբաթ Թուրքիայի խորհրդարանը սկսելու է աշխատանքները, եւ այդ ժամանակ  կը քննարկուի իրեն անձեռնմխելիութիւնեն զրկելու հարցը: «Ցաւօք սրտի, խորհրդարանը կը վերահսկուի  Էրտողանի կողմէ, եւ եթէ ան հրամայած է այդ ընել, ուրեմն մենք կը զրկուինք մեր անձեռնմխելիութիւնեն»,- ըսաւ ան:

Պոսլահայ պատգամաւորը նշեց, որ շատերն  Թուրքիայի մէջ կը պայքարին Էրտողանի դէմ, անոնք բոլորը միջազգային հանդուրժողականութեան կարիք ունեն: «Ես գիտեմ, որ ամբողջ աշխարհի միլիոնաւոր հայեր կ’աջակցին ինծի: Ի հարկէ, ես ունիմ անոնց օգնութեան կարիքը, եւ մենք իսկապէս միջազգային հանդուրժողականութեան կարիք ունենք` Էրտողանի ռեժիմի դէմ պայքարելու համար»,- ըսաւ ան:

Զանգուածային ձերբակալութիւններուն առաջինը արձագանգած է Արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարար՝ Մուսթաֆա Վարանքը, որ ըսած է, որ քրտամէտ կուսակցութեան դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած է, անոնք, որոնք Քոպանիի իրադարձութիւններու ժամանակ եղած են ԺԴ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ։

Ուրբաթ օր Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը ձերբակալութեան որոշում կայացուցած է ԺԴ կուսակցութեան 82 անդամի նկատմամբ: Ձերբակալուածներու մէջ են նախկին երեսփոխաններ, նահանգային ու շրջանային կառոյցներու ղեկավարներ: Անոնց շարքին են Կարսի քաղաքապետ Այհամ Պիլկէն, լրագրողներ Հաքան Կիւլսէվէն, Նազմի Կիւրիւն, Ճան Մէմիշ, նախկին երեսփոխամմեր Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր Ալթան Թան, Փէրվին Էօնտէռ եւ ուրիշներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment