Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երուանդ Խունդկարեան Չէ Ընտրուած ՍԴ-ի Նախագահ

Երուանդ Խունդկարեան Չէ Ընտրուած ՍԴ-ի Նախագահ

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի նիստի ընթացքին, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներով Երուանդ Խունդկարեան չէ ընտրուած Սահմանադրական Դատարանի նախագահ։ Ընտրուելու համար իր օգտին պէտք է քուէարկէին 9 դատաւորներէն 5-ը։ Յիշեցնենք, որ Խունդկարեան ՍԴ-ի նախագահի միակ թեկնածուն էր։

«Երուանդ Խունդկարեանը չի ընտրուել ՍԴ դատարանի նախագահ, քանի որ առաջադրուած միակ թեկնածուն էր եւ ընտրուելու համար անհրաժեշտ թուով կողմ ձայներ չի ստացել։ Ընտրութեան համար պահանջուում էր դատաւորների ընդհանուր թուի ձայների մեծամասնութիւնը՝ այսինքն՝ 9-ից 5 ձայն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՍԴ-ի դատաւոր Էտկար Շաթիրեան։

Շաթիրեան չպարզաբանեց, թէ որոնք են կողմ  ու դէմ քուէարկած եւ քանի մարդ մասնակցած է քուէարկութեան։ Ան աւելցուց, որ սահմանուած ժամկէտով կը կազմակերպուին ՍԴ-ի նախագահի նոր ընտրութիւններ։

«Փաստինֆո»-ի տեղեկութիւններով` ՍԴ-ի նախագահի պաշտօնին համար միակ առաջադրուած թեկնածուի՝ Երուանդ Խունդկարեանի օգտին քուէարկած է 2 դատաւոր։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ անոր կողմ քուէարկողներէն մէկը ինքն է, իսկ միւսը ՍԴ-ի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աշոտ Խաչատրեան։

Քաղաքական Ուժերու Տարբեր Գնահատականներ  Սահմանադրական Դատարանի Շուրջ
Ստեղծուած Իրավիճակի Վերաբերեալ
Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահի միակ թեկնածու Երուանդ Խունդկարեանի հասցէին ընդդիմադիր գործիչներու հնչեցուցած սուր քննադատութեան ֆոնին՝ իշխանութեան ներկայացուցիչները սատարող դիրքորոշմամբ հանդէս կու գան Վճռաբեկ դատարանի նախկին նախագահի առնչութեամբ։

Ազգային ժողովի իմքայլական փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան «Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան ըսաւ, որ իշխող ուժը ընտրութիւն կատարած է, ի գիտութիւն ընդունելով բոլոր մտահոգութիւնները։

«Այդ քննադատութիւնները տարբեր կեդրոններից էին գալիս, գալիս էր, օրինակ, հակամերձ խմբից, գալիս էր իրաւապաշտպաններից, բայց եթէ, օրինակ, բերէինք իրաւապաշտպաններից մէկին, նոյն բանը կրկնուելու էր, մէկ այլ կեդրոնից սկսելու էին քննադատել, ասելու էին՝ ինքը սա է, ինքը նա է, նոյնը լինելու էր հակառակ պարագայում: Իմ ասածը հետեւեալն է, որ մշտապէս փորձ է կատարուելու, ինչու ոչ, նոյնիսկ սեփական թեկնածուին առաջ տանելու եւ ինչ-որ ազդեցութիւն ունենալու: Մենք այսօր ընտրել ենք մի թեկնածուի՝ ի գիտութիւն ընդունելով բոլոր մտահոգութիւնները, ի գիտութիւն ընդունելով այն ամէնն, ինչ այստեղ ասացիք եւ նաեւ կապուած անկախութեան, կապուած մեր հետ կապ չունենալու, անձնակազմի պակասի եւ այլնի հետ», – նշեց Սիմոնեան:

Նախորդ երկու օրերուն Սահմանադրական դատարանը չկարողացաւ նոր նախագահ ընտրել։ Առաջադրուած երկու թեկնածուներէն՝ Աշոտ Խաչատրեանը երէկ ինքնաբացարկ յայտնեց, որու հետեւանքով այսօր սեղանին առկայ է ինքնառաջադրուած Երուանդ Խունդկարեանի թեկնածութիւնը։ Հայաստանի բարձրագոյն դատական ատեանի նոր նախագահ ընտրելու համար անհրաժեշտ է, որպէսզի Սահմանադրական դատարանի ինը դատաւորներէն առնուազն հինգը կողմ քուէարկեն թեկնածուին։

Երուանդ Խունդկարեան յայտնուեցաւ քննադատութեան թիրախը «Ա1+» հեռուստաընկերութեան առնչուող որոշման պատճառով, երբ 2004 թուականին որպէս տնտեսական դատարանի դատաւոր ան մերժած էր եթերազրկուած հեռուստաընկերութեան դիմումը ընդդէմ «Սինեմաքս» ընկերութեան` այդպիսով նախապատուութիւն տալով պետական մատեանին մէջ չգրանցուած «ԱրմՆիւզ» հեռուստաընկերութեան։

«Ա1+»-ի ղեկավար՝ Մեսրոպ Մովսէսեան հայաստանեան դատական ատեաններու որոշումները ի վերջոյ բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ (ՄԻԵԴ), որ 2008-ին վճռեց՝ Հայաստանի կառավարութիւնը հեռուստաընկերութեան պէտք է փոխհատուցէ 30 հազար եւրօ:

Խունդկարեան քննադատութեան կ’արժանանայ նաեւ ընդդէմ Հայաստանի ՄԻԵԴ-ի վճիռներու կապակցութեամբ, քանզի անոր կայացուցած որոշումները քննուած են Սթրազպուրկի դատարանի մէջ եւ ճանաչուած որպէս խախտումներով կայացուած վճիռներ։

Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ ԲՀԿ-ական Նաիրա Զոհրապեանը այսօր հակաօրինական բնութագրեց Սահմանադրական դատարանի մէջ նոր նախագահի ընտրութիւնը։

«Անկեղծ ասած ինձ համար այլեւս փակ է այդ էջը ՍԴ-ի, որովհետեւ այնտեղ բացարձակապէս հակաօրինական գործողութիւնները հետեւում են մէկը միւսին, ես այս պահին չունեմ գնահատական», – ըսաւ Զոհրապեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment