Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաբթուան Օրագիրը – Ռութ Պէյտըր Կինզպըրկ, Ութը Միլիառ Տոլարի Պատմութիւնը եւ Լիբանան Դէպի Դժոխք

Շաբթուան Օրագիրը – Ռութ Պէյտըր Կինզպըրկ, Ութը Միլիառ Տոլարի Պատմութիւնը եւ Լիբանան Դէպի Դժոխք

by MassisPost

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Japan Turkey USԹուրքիոյ նախագահ ՌԷՃԻՊ ԹԱՅԻԿ ԷՐՏՈՂԱՆի եւ Սպիտակ Տան հետ անոր ունեցած խորհրդաւոր յարաբերութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց Ամերիկեան հեռատեսիլի ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ. ընկերութեան կայքէջը, ուր կը բացայայտուի Թուրքիոյ նախագահի եւ ՏԱՆՈԼՏ ԹՐԱՄՓի միջեւ սիրալիր յարաբերութեան դրդապատճառները: Ըստ ծաւալուն յօդուածին, կողմերուն միջեւ կապերու հաստատման մէջ մեծ դեր ունեցած են Սպիտակ Տան մօտ կանգնած ազդեցիկ լոպպիստներ, Ատրպէյճանցի, Ուքրանացի եւ Ռուս օլիկարխներ եւ կազմակերպուած յանձագործ շրջանակներ, որոնք յաջողած են Թրամփի մօտ առաջ տանիլ Թուրքիոյ շահերը:

Այս հրապարակումը կու գայ յաջորդելու «Ուաշինկթըն Փոստ» թերթի յայտնի լրագրող ՊՈՊ ՈԻՏՈՒԸՐՏի Թրամփի հետ ունեցած խօսակցութեանց ձայնագրութիւններու հրապարակումին, որոնց մէջ Ամերիկայի նախագահը կրկին կը խօսի Էրտողանի հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն մասին:
*
rbgՄիացեալ Նահանգներու Գերագոյն Դատարանի դատաւոր ՌՈՒԹ ՊԷՅՏԸՐ ԿԻՆԶՊԸՐԿԻ մահը եկաւ նոր գործօն մը դառնալու նախագահական ընտրապայքարի վերջին շաբաթներուն: 87 տարեկան Կինզպըրկ կը նկատուէր Դատարանի «ձախ թեւի» ամենէն կարկառուն դէմքը: Նախագահ ՏԱՆՈԼՏ ԹՐԱՄՓ կը խոստանայ անմիջապէս առաջադրել պահպանողական թեկնածու մը, որ պիտի գայ Դատարանը աւելի եւս աջ թեքելու:

Դեմոկրատ թեկնածու ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ կը պահանջէ, որպէսզի նոր դատաւորի նշանակումը ձգուի յաջորդ նախագահին, առիթ տալով որ ժողովուրդի ձայնը լսելի դառնայ այս հետեւանքային նշանակումին առթիւ: Սակայն, Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութիւնը վճռած է արագօրէն հաստատելու նոր դատաւոր մը, անտեսելով այն իրողութիւնը որ նախագահ ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅի պաշտօնավարման աւարտին 10 ամիս մնացած մերժած էին դատաւորի մը նշանակումը՝ առարկելով որ, շրջանաւարտ նախագահին պէտք չէ նման կարեւոր որոշում կայացնելու առիթ տրուի:
*
kocharianՀայաստանի նախագահի պաշտօնը վարած ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆի վերջին յայտարարութիւններով ոգեւորուած են յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ: Փոքր խումբ մը քաղաքագէտներու հետ հանդիպելով Քոչարեան ըսած է որ, Հայաստանի կառավարութիւնը Արցախի հարցի վերաբերեալ չունի հասկնալի դիրքորոշում եւ վարչապետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ մօտեցումը թէ, որեւէ լուծում ընդունելի պէտք է ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար քաղաքական հնարք է:

Քոչարեանի այս խօսքերէն ետք անոր շրջապատը սկսած է մեղադրել Փաշինեանինª խաղաղութեան գործընթացը ձախողցնելու մէջ, այդպիսով անուղղակի պաշտպանելով թշնամի երկրի տեսակէտները:
*
ashotyanՆախկին իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխ-նախագահ ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ ակնարկելով ԲՀԿ-ՀՅԴ-«Հայրենք» կուսակցութիւններու յայտարարած հանրահաւաքին, ըսած է որ, առանց ՀՀԿ-ի դժուար է պատկերացնել իշխանափոխութեան որեւէ լուրջ գործընթաց: Սակայն, երեքները կը խուսափին, առնուազն հրապարակաւ, որեւէ առնչութիւն ունենալ նախկին ռեժիմին հետ:

Վերջաւորութեան, երկու ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ այս մրցավազքը ուր կրնայ հասնի ցոյց կու տայ ժամանակը, իսկ Հոկտեմբեր 8-ին ծրագրուած հանրահաւաքի մասնակցութեան թիւը մեծ մասամբ կախել է այն բանէն, թէ ԲՀԿ-ի առաջնորդ ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ իր հարստութենէն որքան գումար պատրաստ է ծախսելու՝ ժողովուրդ հաւաքելու համար:
*
aounԼիբանանի նախագահ ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անկեղծանալով ըսած է, որ «դժոխք պիտի երթանք» եթէ շուտափոյթ նոր կառավարութիւն չկազմուի:

Լիբանանի մէջ շատեր այն կարծիքին են, որ անցեալ դարու 80-ական թուականներուն նախկին զինուորական Միշէլ Աունի քաղաքական ասպարէզի վրայ յայտնուելէն ասդին երկիրը հանգիստ օր չէ տեսած եւ դանդաղ սակայն հաստատ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի «դժոխք»:
*
feenyԱմերիկացի միլիառատէր ՉԱՔ ՖԻՆՆԻ այս շաբաթ հասած է իր նպատակին: Ան 40 տարի առաջ խոստացած է որ 8 միլիառ տոլարի իր ամբողջ հարստութիւնը պիտի բաշխէ մարդասիրական նպատակներու, ոչ թէ մահուընէ ետք կտակ ձգելով, այլ կենդանութեան ընթացքին, որպէսզի իր աչքերով տեսնէ անոնց արդիւնքը:

Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ ՆԱՆՍԻ ՓԼՈՍԻի եւ Մայքրոսոֆթի հիմնադիր ՊԻԼ ԿԷՅԹՑԻ մասնակցութեամբ առցանց տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին Ֆիին բոլոր ունեցուածքը բաշխած ըլլալով, վերջնականապէս փակած է իր բարեսիրական հիմնարկութիւնը: 89-ամեայ բարերարը իր կեանքի վերջին տարիները ապահովելու համար պահած է միայն 2 միլիոն տոլար:

Տարիներ առաջ, Ֆինիի օրինակին հետեւելով այլ մեծահարուստներ, որոնց շարքին Պիլ Կէյթս, ՈՒՈՐԸՆ ՊԱՖԷԹ, ՄԱՐՔ ԶԱՔԸՐՊԸՐԿ, ՃԷՖՖ ՊԵԶՈՍ եւ ուրիշներ խոստացած էին իրենց հարստութեան առնուազն 50 տոկոսը կենդանութեան ընթացքին յատկացնել բարեսիրութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment