Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան. «Եւրամիութիւնը, Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը՝ Մեզ Համար Շատ Կարեւոր Գործընկերներ են»

Նիկոլ Փաշինեան. «Եւրամիութիւնը, Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը՝ Մեզ Համար Շատ Կարեւոր Գործընկերներ են»

by MassisPost

«Մենք մեր գործընկերների հետ գուցէ ոչ սովորական, բայց շատ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ ենք զարգացնում եւ դա շարունակելու ենք: Եւրամիութիւնը, Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ն՝ մեզ համար շատ կարեւոր գործընկերներ են», – յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Սեպտեմբեր 24-ի Կառավարութեան նիստի ժամանակ անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին:

Վարչապետը նշեց, որ ռուսական վերլուծական կեդրոններէն մէկը հրապարակած է «Ռուսաստանի դաշնակիցներ» թեմայով աշխատութիւն:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ այդ աշխատութեան մէջ կը գնահատուին ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) շրջանակի գործընկերներու դաշնակցային յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ: «Դաշնակցային յարաբերութիւնների բնագրին մէջ այդտեղ Հայաստանին տրուած է շատ բարձր մակարդակ», – ըսաւ Գրիգորեան:

Կառավարութեան ղեկավարն ալ յայտնեց, որ առաջիկային ԱՄՆ-ի հետ կը նախատեսուի ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ փուլը:

«Առաջիկայում սպասուում է ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհրդի նիստ Երեւանում: Նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ շատ  աշխոյժ յարաբերութիւններ ունենք: Վրաստանի հետ, բնականաբար, մեր յարաբերութիւններն աւանդաբար ջերմ են: Եւ մենք հետեւողական արտաքին քաղաքականութեան մասին մեր պատկերացումները, որտեղ, ի հարկէ, կան որոշակի նրբերանգներ, որոնք գուցէ թէ սովորական չեն, շարունակելու ենք մեր քաղաքական ուղեգիծը: Մեր գործընկերների հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու ենք, եւ դրանք պէտք է ունենան եւ ունենում են յստակ արտայայտութիւն», – յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment